ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 30 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, իսկ իրանեանը` Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Սէյիտ Ապպաս Արաղչի:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-իրանեան երկկողմանի քաղաքական օրակարգի բազմաթիւ հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի տնտեսական օրակարգին եւ միտքեր փոխանակուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ կարեւոր հարցերու շուրջ:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկկողմանի քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարունակականութեան ապահովումը։