ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեան ուղերձ յղեց փրկարար ծառայողի մասնագիտական տօնին առթիւ՝ շեշտելով, որ Արցախի փրկարարները այս դժուար օրերուն, առաւել քան երբեւէ` հերոսական աշխատանք կը կատարեն:
«Աւանդաբար Հոկտեմբերի 30ին մենք նշում ենք Արցախի փրկարար ծառայողի մասնագիտական տօնը: Տրամադրութիւնը տօնական չէ, քանի որ մեր երկրին պատուհասած պատերազմական աղէտը փոխեց մեր կեանքի ընթացքը, բայց ոչ փրկարարի գործառոյթը: Արցախի փրկարարներն այս դժուար օրերին, աւելի քան երբեւէ` հերոսական աշխատանք են կատարում: Թշնամու արձակած հրթիռների ու կրակահերթի տակ իւրաքանչիւր ծառայող գերակատարում է իր առջեւ դրուած խնդիրը եւ պատուով ու պատասխանատուութեամբ ծառայում հայրենիքին ու ժողովրդին: Սակայն, գերլարուած ու ծանրաբեռնուած առօրեան առ ոչինչ է այն շնորհակալական ու օրհնութեան խօսքերի դիմաց, որ լսում ենք ամէն օր: Ուստի, հոգով փրկարար լինելն ապրելակերպ է, որն իր մէջ ամփոփում է մարդասիրութիւն ու բարութիւն», ըսաւ Կարէն Սարգսեան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց համակարգի ամբողջ անձնակազմին՝ հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայելու եւ այս դժուար ժամանակաշրջանին անոնց ցուցաբերած բացառիկ նուիրուածութեան համար: