ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիոնի մէջ թուրքերը յարձակեցան Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին վրայ, 2 Նոյեմբերին այս մասին գրեց «France 24»ի լրագրող Աչրէն Վերտիան՝ հրապարակելով նաեւ լուսանկար մը:
«Լիոնի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան պատին գրուած է հակահայ նոր գրութիւն մը, ոռուն մէջ կը յիշեցուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին», գրած է Վերտիան:
Աւելի կանուխ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը խստօրէն դատապարտեց Տեսին քաղաքի Հայկական Յիշողութեան պետական կենդրոնին պղծումը, զայն ժխտողականութեան եւ ատելութեան դրսեւորում նկատելով։
Քանի մը օր առաջ, Սարսել քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը եւս նման յարձակումի թիրախ դարձած էր: