ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կտրուկ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնները՝ Ֆրանսայի եւ անոր ղեկավարութեան հասցէին՝ սպառնալով պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ նկատմամբ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը այս սպառնալիքը կատարեց 5 Նոյեմբերն, Europe 1 ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Նախագահ Էրտողան այժմ պարբերաբար հանդէս կու գայ բռնութեան, նոյնիսկ՝ ատելութեան անընդունելի յայտարարութիւններով: Անոնք ուղղուած են ոչ միայն Ֆրանսայի դէմ, այլ ամբողջ Եւրոպայի եւ մենք շատ յստակ կը պնդումենք, որ Թուրքիա պէտք է հրաժարի նման քայլերէ», նշեց Լը Տրիան:
Միաժամանակ, նախարարը յիշեցուց, որ Եւրոպական խորհուրդը որոշած է անհրաժեշտ միջոցներու դիմել թրքական իշխանութիւններուն դէմ, եթէ նման հրահրումներ շարունակուին:
Լը Տրիան յայտարարեց, որ քանի մը տաիէ ի վեր Փարիզի եւ Անգարայի միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ կան, յատկապէս Թուրքիոյ՝ ննան գործողութիւններուն պատճառով: «Թուրքիա նախայարձակ քայլերու կը դիմէ Եւրոպայի անմիջական հարեւանութեամբ, մասնաւորապէս՝ Լիպիոյ եւ արեւելեան Միջերկրաական ծովուն տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Իրաքի հիւսիսը: Այժմ նոր գործօն յայտնուած է: Վերջին օրերուն, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի հասցէին Էրտողանի յայտարարութիւններու ոճը փոխուած է եւ Էրտողան պարբերաբար ատելութեամբ ու բռնութեամբ լեցուն յայտարարութիւններ կը կատարէ, ներառեալ՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հասցէին», ըսաւ նախարարը: