Եւրոպական ուսանողական միութիւնը միացած է Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութեան՝ կոչ ուղղելով եւրոպական հաստատութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն, որ յստակ քայլերու ձեռնարկեն՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
Եւրոպական ուսանողական միութեան պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, որ միութեան կառավարման խորհուրդի 79րդ ժողովին ընթացքին, Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութիւնը խորհուրդին քննարկման ներկայացուց յատուկ բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ հակառակ մինչեւ հիմա ժողովրդավարութեան, բարեկեցութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն՝ շրջանին մէջ կարելի է ականատես ըլլալ արիւնալի պատերազմի, որ խեղած է հազարաւոր կեանքեր:
«Ցնցուած ենք ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան մասին Եւրոպական յանձնաժողովին ներկայացուցած զեկուցումէն, որուն մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները կը շարունակեն ատելութեան խօսքեր օգտագործել հայերուն նկատմամբ. ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը ատելութեան այս հռետորաբանութիւնը լսելով մեծցած է: Հայաստանի հետ հաշտութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատող իրաւապաշտպանները Ատրպէյճանի մէջ վիճայարոյց մեղադրանքներով ծանր բանտարկութիւններու դատապարտուած են«, կը նշուի բանաձեւին մէջ եւ կ՛ընդգծուի, որ եւրոպական հաստատութիւններու եւ երկիրներու կոչերը ու մինչեւ հիմա դրսեւորած չէզոքութիւնը այժմ միայն շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման թշնամիներն են: Կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ կանխարգիլելու համար Արցախի ժողովուրդը ցեղային զտման ենթարկելու փորձերը եւ զանոնք ապահովելու դրացիներու հետ խաղաղ կեանքի, ինքնորոշման եւ խաղաղ համակեցութեան իրաւունքով», կը նշուի բանաձեւին մէջ: