ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա յայտարարեց, թէ Միջերկրական ծովուն մէջ հետախուզութեան յաւելեալ աշխատանքներու պիտի սկսի, հակառակ նախորդ պեղումներուն ստեղծած սուր լարուածութիւններուն։
Այդ աշխատանքները պիտի կատարէ «Պարպարոս Հայրետտին Փաշա» հետախուզութեան նաւը:
Աշխատանքները պիտի կատարուին մինչեւ 16 Փետրուար եւ այդ ընթացքին նաւուն պիտի ուղեկցին «Թանօ-1» եւ «Ափոլլօ Մուն» նաւերը:
Նախապէս, թրքական «Օրուչ Ռէյիս» նաւը հետազօտութիւններու սկսած էր Միջերկրական ծովուն արեւելեան տարածքին մէջ, զոր Յունաստան կը նկատէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին:
Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները արդէն իսկ լարուած էին 2020ի սկիզբէն՝ գաղթականներու ճգնաժամին եւ Եգէական ու Միջերկրական ծովերուն մէջ հարստութիւններու արդիւնահանման իրաւունքներու շուրջ վէճերուն պատճառով:
«Թասս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս կը ցաւի Յունաստանի եւ Կիպրոսի Միջերկրական ծովու տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող գործողութիւններուն համար եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղէ՝ զերծ մնալու անկէ եւ երկխօսութեան սկսելու:
«Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող իրականացումը երկրաբանական հետախուզական աշխատանքներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի ծովային գօտիները, խոր ափսոսանք կը յառաջացնեն, յատկապէս նկատի առնելով երկխօսութեան համար պայմաններ ստեղծելու կառուցողական փորձերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ վարքագիծը կը շարունակէ լարուածութիւն սրել եւ անվստահութիւն ստեղծել շրջանին մէջ: