ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 11 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ:
Անոնք խօսեցան երկրին իրավիճակին եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն մասին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող վերջին եռակողմանի յայտարարութեան։ Նշուեցաւ, որ անիկա լուրջ անհանգստութիւն յառաջ բերած է մեր ժողովուրդին մէջ: Այս պարունակին մէջ, կարեւոր նկատուեցաւ երկրին մէջ կայունութեան պահպանումը: