Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան, բացումը կատարուեցաւ ՍՕԽի վերանորոգուած ընկերաբժշկական կեդրոնին:
Հրաւիրեալները դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄի փողերախումբին ազգային- հայրենասիրական երգերու երաժշտական կատարումներով:
Շէնքին մուտքին զետեղուած հիմնաքարի բացումէն ետք, Հալէպի նահանգապետը, հայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան եւ պետական, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ ուղղուեցան «Համալեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը:
Օրուան բեմավարուհին՝ Մարալ Քալայճեան-Սեմէրճեան, բացման խօսքով հաստատեց, որ Սուրիան վերականգնումի իր փուլը թեւակոխած է եւ ժողովուրդը միասնաբար կը մասնակցի երկրի վերականգնումին, այս կեդրոնի բացումն ալ հաստատումն է այդ իրողութեան:
Հայերէն բացման խօսքով Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Տէր Աբրահամեան-Կէրկէրեան նկատել տուաւ, որ այս կեդրոնը իր հիմնադրութեան օրէն կը ծառայէր Հալէպի բնակչութեան բժշկական, մարդասիրական կարիքներուն, իսկ Սուրիոյ պատերազմի արհաւիրքէն ետք, կիսաքանդ այս շէնքը դարձեալ հոգի ու կեանք ստացաւ՝ շնորհիւ Հալէպի ազատագրումին ու մեր նահատակներու հեղած արեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներու աննահանջ աշխատանքին:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը, որ նախ արաբերէնով ըսաւ, որ Հալէպը փորձեցին քանդել ու անդամալոյծ քաղաքի վերածել, սակայն շնորհիւ սուրիական բանակին, երկրի նախագահին յանդուգն կեցուածքներուն եւ ժողովուրդին աննկուն կամքին Հալէպը վերականգնեցաւ: Սրբազան հայրը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահին, որ նեցուկ կանգնելով ժողովուրդին ու յատկապէս վերականգնումի աշխատանքներուն ուժ ու կորով ներշնչեց բոլորին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի համայնքապետին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք ներկայ գտնուելով այս ձեռնարկին հաստատեցին, որ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը կը պայքարին յանուն երկրի ապագային: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամները այս հսկայածաւալ աշխատանքին համար, դիտել տալով որ կեդրոնը քանդուեցաւ, սակայն աշխատանքը այլ վայրի մէջ շարունակուեցաւ, որպէսզի ժողովուրդին ծառայութեան նուիրական գործը անխափան մնայ: Ապա հայերէն իր խօսքով սրբազան հայրը վեր առաւ Արցախի մեր ժողովուրդին պայքարն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Հրաւիրեալները մեկնելէ առաջ շրջեցան շէնքի բոլոր յարկերն ու բաժանմունքները։