Իտալացի հանրայայտ աքորտիոնահար Մարիօ Ստեֆանօ Փիէթրոտարքի ներկայացուց Արցախին նուիրուած ստեղծագործութիւն մը:
Երաժիշտը կատարման տեսնաիւթը հրապարակած է «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ: Ձայնային բաժինին համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց երգահան Մարթին Ուլիխանեանին:
«Շնորհակալ եմ հրաշալի աղօթքին համար, զոր նուիրած էք Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին» ըսաւ Մարիօ Ստեֆանօ Փիեթրոտարքի: