ՓԱՐԻԶ.- 20 Նոյեմբերին, «Ֆիկարօ» թերթին մէջ հրապարակուեցաւ ֆրանսացի 120 նշանաւոր մշակութային գործիչներու եւ մտաւորականներու կոչը՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի:
Ըստ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան փոխանցան տեղեկութիւններուն՝ կոչին միացածներուն մէջ են աշխարհահռչակ դերասաններ Ալան Տըլոն, Քլոտիա Քարտինալի, Ժան Ռենօ, Ֆանի Արտան, Տանի Պուն, Ժուլիէթ Պինոշ, Փիեռ Ռիշար, Ժան Տիւժարտեն, Ժագ Աթալի, Պերնար-Հանրի Լեւի, Քոսթա Կաւրաս եւ Քլոտ Լըլուշ:
Ստորեւ՝ կոչէն հատուածներ?
«Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն աւելի քան մէկ դար ետք` հայ ժողովուրդը դարձեալ զոհ դարձաւ երկու բռնապետութիւններու, որովհետեւ թէ՛ Պաքուն եւ թէ Անգարան հայերու հանդէպ ատելութիւն կը բորբոքեն՝ իւրաքանչիւրը իր բացարձակ իշխանութիւնը նոր արիւնալի աւարով մը ամրապնդելու համար: Հայերու ճակատագիրը վայրագօրէն խեղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, զոր անոնք Արցախ կ՛անուանեն: Առաւել քան երկու հազարամեակ այս հողին վրայ կ՛ապրին հեզ եւ հպարտ մարդիկ, որոնք ամուր կառչած են իրենց քարքարոտ եւ սքանչելի հողին: Այդ մարդիկը կը փափաքէին իրենց գոյութիւնը շարունակել այն հողին վրայ, ուր անառիկ լեռներու սիրտին մէջ եւ դառն քրտինքով մշակուած հովիտներուն մէջ անոնց նախնինները ապրած են, տուներ, դպրոցներ ու հրաշագեղ վանքեր կառուցած:
«Ատրպէյճանական բռնապետութեան համար այս պատերազմը սոսկ ազգայնական փառասիրութեան հարց է: Ատրպէյճանի նախագահը պարզ եւ յստակ կերպով ցուցադրած է իր մտադրութիւնները, երբ Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման առաջին օրերուն կը յայտարարէր. «Մենք անոնց շուներու պէս պիտի վռնտենք»: Ան նոյն այդ նախադասութիւնը կրկնեց Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան արտաքսման պատճառ դառնալէ ետք՝ յայտարարելով, որ հպարտ է, որ իրագործած է իր զարհուրելի խոստումը: 21րդ դարուն, մարդու հանդէպ այսօրինակ ատելութիւնը, ատելութեան նմանօրինակ պոռթկումը խորապէս վրդովում կը յառաջացնէ եւ բացարձակապէս տեղ չունի ժամանակակից աշխարհին մէջ: Ահա՛, թէ ինչո՛ւ ես կը սատարեմ Հայաստանին, ես կը սատարեմ Արցախին»: