ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վարչական դատարանի դատաւոր Դանիէլ Դանիէլեան բաւարարեց Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինի փոխղեկավար Իգոր Սարգսեանի հայցը՝ ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Իգոր Սարգսեան դիմած էր դատարան` խնդրելով անվաւեր ճանչնալ զինք Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնի փոխղեկավարի պաշտօնէն արձակելու մասին Նիկոլ Փաշինեանի 23 Հոկտեմբեր 2019ի որոշումը:
Դատարանը արձանագրեց, որ խախտած է Իգոր Սարգսեանի աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնարար իրաւունքը եւ Իգոր Սարգսեանի հայցը բաւարարեց՝ վարչապետը ստիպելով Իգոր Սարգսեանը վերադարձնել իր պաշտօնին։