ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գոռ Գէորգեան յայտնեց խմբակցութենէն դուրս գալու եւ խորհրդարանին մէջ իր աշխատանքը իբրեւ անկախ պատգամաւոր շարունակելու որոշումին մասին: Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։
«Այս շրջանում ակնյայտ դարձած որոշակի իրողութիւնների, մեր պետութեան առջեւ ծառացած մի շարք առանցքային եւ խնդրայարոյց հարցերի շուրջ առկայ սկզբունքային տարաձայնութիւններից ելնելով` որոշում եմ կայացրել դուրս գալ «Իմ Քայլ»ը խմբակցութիւնից` որպէս անկախ պատգամաւոր շարունակելով ընտրողներիս առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններիս կատարումը», գրած է Գէորգեան: