ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային հակաականային կեդրոնի զինուորական ծառայողները կը շարունակեն իրենց հետախուզութեան եւ տեղանքի ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքին մէջ կատարած են պայթումի վտանգ ներկայացնող ռումբերու հեռացման աշխատանքներ եւ ապահոված են մարտական գործողութիւններուն ընթացքին վնասուած ելեկտրամատակարարման բարձրավոլթ գիծերու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ջոկատներու անվտանգութիւնը:
Յայտնաբերուած ռումբերուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի, իսկ միւս մասը, որ կարելի չէ փոխադրել, յատուկ սարքերով պիտի ոչնչացուի՝ ապահովելով անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցառումները:
Ընդհանուր առմամբ, վնասազերծուած է աւելի քան 29 հեկտար տարածք եւ շուրջ 10 քիլոմեթր ճանապարհ. ստուգուած են առաւել քան 100 տուներ եւ այլ կառոյցներ, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են շուրջ 1000 ռումբեր: