Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետին հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցին ընթացքին ոստիկանները բռնի ուժ գործադրեցին «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի նկարահանող լրագրողին նկատմամբ:
Ոստիկանները նախ ձերբակալեցին լրագրողը, ապա՝ ազատ արձակեցին զայն։ Խօսքի ազատութեան դէմ այս խախտումը, որուն գլխաւոր հիմք կը ծառայեն այս իշխանութիւններուն կամայականութիւնները, ազատ լրատուամիջոցները լռեցնելու վերջին փորձերն են:
Մենք՝ Իբրեւ Գանատայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներ, մեր սկզբունքներուն անյարիր կը նկատենք նման բռնութիւններ եւ կը պահանջենք, որ ժողովուրդը եւ լրատուամիջոցները ազատօրէն արտայատուին:
Կը դատապրտենք այս ընթացքը եւ կոչ կ՛ուղղենք ողջահոխութեան սահմաններուն մէջ գործելու, յատկապէս՝ լրագրողներու գործունէութեան ազատութիւն ընձեռելու:
«Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամ», Մոնթրէալ
«Նոր Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամ», Թորոնթօ
«Թորոնթոհայ» Ամսաթերթ
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ռատիոժամ
Trik Trak Radio
«Հորիզոն», ՀՅԴ Գանատայի Կառոյցի Պաշտօնաթերթ