Լիբանանի քաղաքացի ամուսիններ` Վիգէն Էլճէքճեան եւ Մարալ Նաճարեան իրենց նախնիներու հողին վրայ անյայտ կորսուած են: Հեռանալով Լիբանանէն եւ տնտեսական տագնապէն ու վերահաստատուելով Արցախ՝ անոնք փորձեցին նոր ապագայ մը կերտել:
41ամեայ Վիգէնը, երկու տարի առաջ հրաժեշտ տալով Պուրճ Համուտին՝ հաստատուած էր նախ Երեւան:
Ինք եւ կինը՝ Մարալը, 49 տարեկան, դարձան Հայաստանի քաղաքացիներ: Վիգէն եղած է վարորդ, ապա հիմնած է փոքրիկ ճաշարան մը, սակայն «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով փակած է զայն ու աշխատած քարի գործարանի մը մէջ: Ամիսներ ետք, իրենց միացան Մարալի նախկին ամուսնութենէն երկու զաւակները, որոնք չորս ամիս ետք վերադարձան Լիբանան Մարալին հետ: Պէյրութի պայթումին պատճառով, Մարալը դարձեալ մեկնեցաւ Հայաստան, այս անգամ քրոջ՝ Անիին հետ:
Վիգէնը, Մարալը եւ Անին կը փորձեն օգտուիլ Արցախի նախագահին՝ Շուշի բնակութիւն հաստատողներուն բնակարան ստանալու առաջարկէն: Դժբախտաբար, Շուշիի կլիման անհանգստութիւն կը պատճառէ քոյրերուն, եւ անոնք կը փոխադրուին Լաչին: Պատերազմը սկսելէն ետք, Վիգէնը՝ իբրեւ կամաւոր կը մասնակցի պատերազմին: Իսկ քոյրերը կը փոխադրուին Գորիս եւ անկէ Երեւան, ուր իրենց կը միանայ Վիգէնը, զինադադարէն ետք:
10 Նոյեմբերիին, Մարալը եւ Վիգէնը կը մեկնին Լաչին՝ իրենց իրերը հաւաքելու: «Ես ժամադրութիւն ունէի ատամնաբոյժին հետ, Մարալը ըսաւ՝ «անհոգ եղիր, դուն գնա՛ ժամադրութեանդ, մենք կ՛երթանք Լաչին իրերը բերելու»: Համաձայնեցայ, որովհետեւ Լաչին ապահով էր, հակառակ Շուշիին, ուր կային Վիգէնին իրերը: Չեմ գիտեր եթէ գիտէին, որ Շուշին վտանգաւոր էր, կամ ինչ պատահեցաւ», յայտնեց քոյրը՝ շարունակելով. «Մարալին եւ Վիգէնին կորսուելէն երկու շաբաթ ետք, քրոջս «Ֆէյսպուք»ի էջէն ստացայ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ թուրք մը գրած էր, թէ քոյրս սպաննուած է, ապա խօսքը փոխելով ըսած, թէ ան պատանդ է իրենց մօտ: Ես անմիջապէս տեղեկացուցի Լիբանանի դեսպանատան:
Դեսպանատունէն քանի մը անգամ հեռաձայնեցին՝ հետաքրքրուելով, եթէ որեւէ տեղեկութիւն ունիմ: Կը խնդրեմ Լիբանանի իշխանութիւններէն՝ միջամտել եւ խօսիլ Ատրպէյճանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան հետ քրոջս հարցով: Պիտի չհանգստանամ մինչեւ բացայայտեմ քրոջս ճակատագիրը»:
Նշենք, որ ատրպէյճանական կողմին հրապարակած տեսանթիւերէն մէկուն մէջ Վիգէնը կը ներկայացուի՝ իբրեւ պատրեազմական գերի, որ իբրեւ թէ 2500 տոլարի դիմաց պատերազմի ճակատ ղրկուած էր։
Աղբիւրը՝ annahar.com