ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- 7 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային համալսարաններու խորհուրդին կազմակերպած եւ Արեւելեան Միջերկրականին նուիրուած աշխատանիստը, որուն մանակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու:
Ան անդրադարձաւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած հարցերուն:
«Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք: Հիմա ալ կ՛ըսենք, որ այս կարգաւորումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օգտին: Այդ իսկ պատճառով, մենք կողմ ենք արդար բաժանման: Մենք ուժեղ ենք թէ՛ բարոյապէս եւ թէ իրաւական առումով եւ մեր այդ ուժը յառաջիկայ գործընթացին մէջ պիտի շարունակենք կիրառելու յօգուտ բոլորին», իր խօսքին մէջ ըսաւ Չաւուշօղլու: