ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12ին, Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ ծայր առին անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր, որոնց ճամբով ցուցարարները պահանջեցին Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը:
Ոստիկանները անհամաչափ ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն նկատմամբ: Անոնք փորձեցին կանխել ճամբայ փակելու փորձերը՝ բռնի ուժով հեռացնելով խաղաղ բողոքողները, անոնք նոյնիսկ արգիլեցին, որ քաղաքացիները անցնին հետիոտնային անցումով` պատճառաբանելով, թէ ճամբաները պէտք չէ փակուին։
Բողոքի ցոյցին մասնակցողները կը պնդէին, որ այս որոշումը անօրինական է, որովհետեւ ոստիկանները հրաման չունին հետիոտնային անցումը փակելու:
Ձերբակալուեցան առաւել քան տասնեակ մը ցուցարարներ, որոնց կարգին էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան եւ ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան:
Մայրաքաղաքի կարգ մը փողոցներ փակելէ եւ երթեւեկը կասեցնելով՝ իրենց բողոքը արտայայտելէ ետք, Երեւանի մէջ ցուցարարներու խումբեր ուղղուեցան դէպի կառավարութեան, Հայաստանի դատախազութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքերը։
Բողոքի արտայայտութեան իբրեւ դրսեւորում՝ ճամբաներ փակուեցան նաեւ Արարատի մարզին մէջ՝ Խոր Վիրապի ու Արարատ քաղաքին մօտ միջպետական ուղին, ինչպէս նաեւ Սուրէնաւան գիւղին մօտ գտնուող միջպետական մայրուղին:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց կարգ մը ցուցարարներ, որոնց կարգին ՀՅԴի անդամ Գերասիմ Վարդանեան, որ նաեւ խոշտանգումի ենթարկուեցաւ։
Արարատի մարզի շարք մը համայնքապետեր եւս, որոնք նախորդ շաբաթ կոչ ուղղած էին միանալու Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան 16 ուժերուն, ձերբակալուեցան։
Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Լոռիի մարզի մարզպետարանին շուրջ հաւաքուեցան բնակիչներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներ:
Արագածոտնի մարզպետարանին դիմաց եւս կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցողնները մերժեցին Նիկոլ Փաշինեան անունով վարչապետ ունենալ։ Ոստիկանները փորձեցին բռնի ուժով ցրել հաւաքը: «Պէտք չունենք թուրքին գրպանը մտած վարչապետ», յայտարարեցին ցոյցին մասնակցողները` վանկարկելով` «Նիկո՛լ, դաւաճան, հող յանձնող»: Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Արագածոտնի մարզպետին՝ միանալու իրենց։
Գիւմրիի կեդրոնական` Գարեգին Նժդեհի պողոտան 45 վայրկեան փակ մնաց Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն կողմէ:
Ցուցարարները նաեւ հաւաքուեցան Շիրակի մարզպետարանին դիմաց՝ պահանջելով, որ մարզպետը եւ մարզպետարանի աշխատակիցները եւս միանան Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին: Շիրակի ոստիկանները ցոյցին ամբողջ ընթացքին հսկեցին ճամբուն ամբողջ հատուածին. որեւէ սադրանք չարձանագրուեցաւ:
Գաւառի մէջ ցուցարարները շեշտեցին, որ հայ ռազմագերիներուն հարցով կը զբաղի ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեան, այլ Ռուսիոյ իշխանութիւնները, ինչ որ ամօթալի է, առ այդ, Փաշինեան պէտք է իսկոյն հրաժարական տայ:
«Դուք այսօր անգամ մը եւս ապացուցեցիք, որ Նիկոլ Փաշինեան չյաջողեցաւ գողնալ մեր արժանապատուութիւնը, մեր պատիւը: Չյաջողեցաւ վերջնականապէս սպաննել հայ ժողովուրդը», օրուան աւարտին յայտարարեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան՝ կոչ ուղղելով կէսօրէն ետք ժամը 5ին դադրեցնելու անհնազանդութեան բոլոր շարժումները։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժու»ի իրաւական յանձնախումբը օրուան աւարտին Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուշադրութեան յանձնեց Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ 8 Դեկտեմբերին խաղաղ հաւաքներ կատարող տասնեակ քաղաքացիներու նկատմամբ պետական հարկադրանքի ոչ-իրաւաչափ գործադրութեան, ապօրինի վարչական ձերբակալութիւններու եւ անհամաչափ ուժի կիրարկման փաստերը: