ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի ապագայ վարչակազմը կը քննարկէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի մասնակիցներու կազմ վերադարձը՝ իբրեւ հիմք Թեհրանի հետ աւելի ընդհանուր հարցերու շուրջ բանակցութիւններու եւ յարաբերութեան բարելաւման։
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթին հրապարակած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Ճէյք Սալըվըն, որ Պայտընի կողմէ առաջադրուած է նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու օգնականի պաշտօնին։
«Կը կարծեմ, որ այս մէկը իրագործելի է», նշեց ան՝ պատասխանելով այս գծով ուղղուած հարցումին։
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու վերադարձը հիւլէական գործարքի մասնակիցներու կազմին մէջ եւ ջնջումը տնտեսական պատժամիջոցներու, զորս Թեհրանի դէմ հաստատած է Թրամփի վարչակազմը, հիմք պիտի ըլլան «հետագայ բանակցութիւններուն» համար։
Ան ընդունեց, որ Պայտընի վարչակազմը հեռանկարային կը նկատէ հետեւողականօրէն զարգացնել Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման Թրամփի ուղեգիծը՝ աւելցնելով. «Յոյս ունինք ամրապնդելու, խորացնելու եւ ընդլայնելու Իսրայէլի եւ արաբական պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը», նշեց ան։