ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Քրտական աղբիւրներ կը պնդեն, որ թուրքերը կը շարունակեն ապօրինի «հնագիտական» աշխատանքները Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ, կը գրէ ռուս ռազմական թղթակից Եուրի Քոթենոք:
«Կը վախնամ, որ շատ շուտով նոյն ճակատագիրը կը սպասէ հնագոյն հայկական վանքերուն, որոնք կը գտնուին ատրպէյճանական բանակին կողմէ գրաւուած տարածքին մէջ», կ՛ըսէ ռուս լրագրողը: