ԹԵՀՐԱՆ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճաւատ Զարիֆի հետ: Ըստ աշտօնական աղբիւրներու՝ Ռոհանի եւ Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան: Երկաթուղին պիտի դառնայ հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի մասերէն մէկը: Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի սահմանը հռչակուած է բարեկամութեան եւ տնտեսական զարգացման սահման: Կողմերը նշեցին, որ Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումը եւ սահմաններու վերականգնումը համատեղ նոր ծրագիրներու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ երկու երկիրներուն համար։
Անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ Իրանի դիրքորոշման՝ Ռոհանի գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը աւարտած է եւ աւելցուց, թէ Թեհրան պատրաստ է օգնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հրադադարի ամրապնդման եւ տարածքաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման: Ռոհանի Ատրպէյճանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները որակեց եղբայրական: Ան մատնանշեց Իրանի կամքը՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:
Զարիֆի եւ Պայրամովի հանդիպումէն ետք, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ հանդէս եկաւ բացատրութիւններով: Ըստ անոր՝ Թեհրան կ՛ընդգծէ Արցախի հակամարտութիւնը քաղաքական միջոցներով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարարները Թեհրանի մէջ կարծիքներ փոխանակեցին Արցախի հակամարտութեան, տարածքաշրջանային հարցերու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ: