ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, 10 Դեկտմեբերին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ նախորդող շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու նոր դիմումներ կատարած են մօտաւորապէս 1.3 միլիոն ամերիկացիներ, շարունակելով ամիս մը առաջ սկսած այդ թիւին աճը, որ հետեւանք է համաճարակին տարածումին։
Աճած է նաեւ դիմումներու չորս շաբաթեայ միջինը, յաւելալ ճնշում բանեցնելով Քոնկրեսին եւ Սպիտակ տան վրայ՝ անգործներու յաւելալ աջակցութիւն ապահովող եւ տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով աջակցութեան նոր ծրարի մը շուրջ համաձայնելու համար։
Նշենք, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան մարմինները կը քննեն պատուաստներէն առաջինը գործածել սկսելու կարելիութիւնը, երկրին մէջ վարակակիրներուն թիւը բարձրացած է 15.8 միլիոնի, իսկ մահացածներուն թիւը անցած է 295,000ի սահմանը։
Բրիտանիա այս շաբաթ արդէն իսկ սկսաւ պատուաստումներուն։