ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 12ին Պաքուի մէջ հանդիպեցաւ նախագահ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին ներկայ եղան համանախագահներ Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճրէյ Քասփրչիք:
«Դժբախտաբար, Մինսկի խմբակը որեւէ դեր չէ խաղացած տագնապի լուծման հարցին մէջ: Ես 17 տարի մասնակցած եմ բանակցութիւններուն: Սակայն նոյնիսկ եթէ Մինսկի խմբակը հանդէս եկած է գաղափարներով եւ փորձած է ստեղծագործաբար մօտենալ հարցին, անիկա որեւէ արդիւնք չէ տուած«, ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ Պաքու այցելելու նախաձեռնութիւնը համանախագահներունը եղած է, եւ ինք զիրենք չէ հրաւիրած:
«Ատրպէյճան յաջողեցաւ այս տագնապը ինք լուծել, պատերազմի դաշտին մէջ պարտութեան մատնեց Հայաստանը եւ անոր ստիպեց անձնատուութեան յայտարարութիւն ստորագրել», յայտնեց Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Շրջանի հայ բնակչութեան վերաբերեալ բացարձակապէս հարց չկայ՝ մեկնելով անկէ, որ անոնք ատրպէյճանական կառավարման տակ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան»:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց, որ զինադադարի դրութեան վերահսկումի ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոն պիտի հիմնուի Աղտամի շրջանին մէջ: