ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ նախագահ Էրտողան չէ իմացած Պաքուի մէջ իր մէջբերած բանաստեղծութեան զգայնութեան մասին:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը այս մասին յայտնեց իրանցի իր պաշտօնակիցին՝ Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան վերոնշեալ ելոյթին ընթացքին արտասանած էր Արաքս գետը յիշատակող բանաստեղծութիւն մը, ուր կը պնդուի, որ անիկա Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան իրարմէ «ուժով բաժնած է»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իրանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը, Պաքուի մէջ Էրտողանի յայտարարութեան համար: «Թուրքիոյ դեսպանին յայտնուեցաւ, որ տարածքային պահանջներու եւ ռազմատենչ կայսերական դարաշրջանը անցեալին կը պատկանի: Ընդգծուեցաւ, որ Իրան ոչ ոքի պիտի արտօնէ ոտնահարել իր տարածքային ամբողջականութիւնը», հաղորդեց նախարարութիւնը:
Մեծ թիւով իրանցիներ Շաբաթ օր բողոքի ցոյց կատարեցին Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի մայրաքաղաք Թաւրիզի մէջ՝ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ: Ցուցարարները հաւաքուեցան Էրտողանի խօսքերը դատապարտող պաստառներով:
Իր կարգին, Իրանի խորհրդարանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Էրտողանի յայտարարութիւնը, զայն «ոտնձգութիւն» նկատելով Իրանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ»:
Արաքս գետը սահման է Ատրպէյճանի եւ Իրանի ու Էրտողանի խօսքերը Իրանի մէջ նկատուած է փանթուրանականութեան գաղափարներու հռչակում, որոնք կը սպառնան Իրանի տարածքային ամբողջականութեան: