ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութիւնը որոշեց ընդլայնել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անոր գործողութիւններուն պատճառով:
Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է Թուրքիոյ վերաբերող որոշումները եւ գործողութիւնները համակարգել Միացեալ Նահանգներու հետ:
Թուրքիոյ հարցը շաբաթավերջին գումարուած վեհաժողովի առանցքային հարցը եղաւ: Նախապէս Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Թուրքիոյ առաջարկած էին Արեւելեան Միջերկրականի, Լիպիոյ եւ Կիպրոսի մէջ միակողմանի գործողութիւններէն հրաժարելու եւ Եւրոպական Միութեան ու անդամ առանձին պետութիւններուն՝ յատկապէս Ֆրանսայի ու Յունաստանի հասցէին յարձակողական հռետորաբանութենէն հրաժարելու:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները վեհաժողովին ընթացքին համաձայնեցան, որ Թուրքիոյ զէնքի արտածման հարցը պէտք է քննարկուի ՆԱԹՕի անդամներուն հետ: