ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի հարցերու յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին խորհուրդ տուաւ՝ յիշելու Էնվեր փաշայի ճակատագիրը:
Պաքուի մէջ զինուորական շքերթին ընթացքին, Ալիեւ յայտարարած էր, որ «Զանգեզուրը, Սեւանը եւ Երեւանը Ատրպէյճանի պատմական հողերն են», իսկ Էրտողան յիշատակած էր Էնվեր փաշան:
«Շատ իւրայատուկ պատմական յիշողութիւնը պարոն Էրտողանին կ՛արտօնէ յիշել Էնվեր փաշան՝ չյիշելով, թէ ան Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերուն ի՛նչ ըրած է կամ ինչպիսի՛ աւարտ ունեցած է», ըսաւ ան «Նովոսթի-Արմենիա» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութիւններուն՝ ան նշեց, թէ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի այս շրջանաւարտը իր ուզած ձեւով կ՛ընկալէ պատմութիւնը:
«Ես ինքս աւարտած եմ պատմութեան կաճառը, բայց երբեք չեմ լսած, որ մեր երկրին մէջ ոեւէ մէկը մեկնաբանէ պատմութիւնը այնպէս, թէ Երեւանը ատրպէյճանական հող է: Որքանով ես պատմութիւն գիտեմ, ատրպէյճանցիները իրենց անունը օրինականացուցած են միայն 20րդ դարուն: Նախապէս անոնք կը կոչուէին թուրք-թաթարներ», շեշտեց Զաթուլին: