ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական Միութիւնը եւ Համահայկական ուսանողական միութիւնը միացեալ յայտարարութեամբ մը շեշտեցին, թէ նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան, որոնք կը մասնակցին ներկայ իշխանութիւններուն դէմ ցոյցերուն:
Անոնք խստօրէն կը քննադատեն ցուցարարներուն դէմ գործադրուող բռնարարքները եւ ձերբակալութիւնները եւ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւնը, որ կը սպառնայ ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան: