ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին յղուած նամակով մը, Քալիֆորնիոյ Ուսուցիչներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նեցուկ կը կանգնի քալիֆորնիահայ համայնքին, նոյն ժամանակ խստօրէն դատապարտելով Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումները եւ հայութեան դէմ գործադրուած բռնարարքները:
Քալիֆորնիոյ Ուսուցիչներու միութիւնը իր տեսակին մէջ մեծագոյններէն եւ ամէնէն ազդուներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց միութեան արտայայտած զօրակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ վերջին իրադարձութիւնները յստակօրէն շեշտեցին, թէ ինչո՛ւ յոյժ կարեւոր է Հայեց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ: «Դժբախտաբար աշխարհը մեծ մասամբ լուռ կը մնայ թրքական եւ ատրպէյճանականի սանձազերծած յարձակումներուն դէմ, մինչ հայութիւնը մահու կենաց պայքարի մէջ է: Բոլորը պէտք է գիտակցին, որ ցեղասպանական ոճիրները անպատիժ ձգելը զանոնք կրկնելու հրաւէրներ են», յայտնեց Նորա Յովսէփեան: