ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Ամիսներով բանակցելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ղեկավարները Կիրակի գիշեր համաձայնութիւն գոյացուցին համաճարակին հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն աջակցութեան ձեռք երկարող նոր ծրարի մը շուրջ։
Մօտաւորապէս 900 միլիառ տոլարի ծրարը 600ական տոլարի նպաստ պիտի տրամադրէ տարեական 75,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն եւ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստացողներուն 300 տոլարի յաւելալ գումար մը պիտի տրամադրէ 11 շաբաթներու համար։
Գործարարներուն համար նախատեսուած են մօտաւորապէս 280 միլիառ տոլարի նպաստներ եւ վարկեր։
Գումարներ նախատեսուած են նաեւ համաճարակին դէմ պայքարի, կրթական մարզին, ուտեստեղէնի եւ բնակարանային վարձքերու նպաստներու համար։
Հակառակ դեմոկրատներուն պահանջներուն, ծրարին մէջ տեղական եւ նահանգային կառավարութիւններուն օժանդակութիւն չկայ։
Միւս կողմէ, մինչ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտնեց, թէ նշմարուած է «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակ մը Բրիտանիոյ, Դանիոյ, Հոլանտայի եւ Աւստրալիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին վարակումներու աճը կը շարունակուի:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր սկսան «Մոտերնա» պատուաստին սրսկումները: