ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Թասս».- Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ատրպէյճանի հետ կնքել գործընկերութեան նոր համաձայնագիր մը, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ կազի գնումներ, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ Արցախի տագնապին լուծման հոլովոյթին, յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել՝ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան գործընկերութեան խորհուրդի նիստէն ետք:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ատրպէյճանի հետ կնքել նոր յաւակնոտ եւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր մը՝ հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգանքի վրայ: Ասիկա պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի տնտեսութեան բազմազան դարձնելուն եւ մեր առեւտրական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր գործընկերութեան զարգացման: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ լուծումին՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին հետ սերտ համագործակցութեամբ», ըսաւ Պորել:
Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարկելի իր կարգին ընդգծեց Եւրոպական Միութեան հետաքրքրութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ կազի մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման: Ան յիշեցուց, որ Պրիւքսէլ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ Ատրպէյճանէն ստանալ կազի առաջին մատակարարումը Հարաւային կազային միջանցքով՝ նշելով, որ Պրիւքսէլ կ՛ուսումնասիրէ կազի փոխանցման այս նախագիծը Արեւմտեան Պալքաններ տարածելու կարելիութիւնը: