Լիբանանի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հարցազրույցը՝ ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ։
Հարցազրոյցը տպագիր թերթով պիտի հրատարակենք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին։
Հարցազրոյցը, որ Դեկտեմբեր 21ին վարեց կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը, կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Վերջին երկու ամիսները ճակատագրական եղան մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Քաղաքական զարգացումները այնքան մեծ ու արագ էին, որ տակաւին ժամանակի պէտք ունինք ըմբռնելու համար կատարուածին իսկական տարողութիւնը: Դուք` իբրեւ հայ մարդ, ինչպէ՞ս հետեւեցաք այդ զարգացումներուն եւ ինչպէ՞ս կը բնորոշէք կատարուածը:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իբրեւ հայ ունէի հետաքրքրութիւն առաւելագոյն չափով մօտէն հետեւելու այդ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մօտէն ծանօթանալու կացութեան, իսկ իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ունէի նաեւ պատասխանատուութիւնը մեր Հայաստանի կազմակերպութեան, Բիւրոյի ընկերներուն եւ համաշխարհային կառոյցին հետ ծրագրելու եւ համադրելու այն աշխատանքները, զորս պէտք է տրամադրէինք հայրենիքին, եւ հայրենիք ըսելով ես կը հասկնամ Հայաստանն ու Արցախը միասնաբար, որպէսզի այդ պատերազմին ընթացքին մենք ներդրենք մեր առաւելագոյնը հայկական կողմին յաղթանակը ապահովելու համար: Արդարեւ, պատերազմի առաջին օրերէն, նոյնիսկ անոր նախորդող օրերէն սկսեալ մենք ծրագրեցինք չորս ուղղութիւններով յստակ աշխատանք, որպէսզի նախ գոյանայ այն համահայկական միասնութիւնը, որով կարելի պիտի ըլլայ աջակցիլ մեր հայրենիքին այս ճգնաժամին ընթացքին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր յատուկ դերակատարութեամբ աշխատանքի լծուեցաւ չորս մարզերու մէջ, որոնցմէ առաջինը մարդուժի տրամադրման գործն էր, բան մը, որ սկսած էր պատերազմէն շատ առաջ, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար մենք ստեղծած էին պահեստազօրի դրութիւն, որպէսզի կամաւորներ շարունակաբար մարզուին եւ պատրաստ ըլլան երթալու ռազմաճակատ, երբ ճգնաժամ յայտարարուի, եւ բանակը կամաւորներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն նկատէ` ազգ-բանակ հասկացողութեամբ: Երկրորդը քաղաքական աշխատանքն է, զոր միշտ տարած ենք, բայց պատերազմի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք յստակ աշխատանք տարուեցաւ, որ աշխարհով մէկ մենք կարենանք հունաւորել մեր զայրոյթը` թշնամիին յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դէմ, այսինքն` թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանի, եւ թէ՛ վարձկաններու այդ միացեալ ճակատին դէմ անհրաժեշտ էր բանալ համաշխարհային պայքար, որ քաղաքական էր դուրսը, եւ ինչպէս մենք միշտ կ՛ըսենք, վերջ ի վերջոյ մեր մարմինները եւ Հայ դատի յանձնախումբերը հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակն են, ուստի, եթէ բանակը կեդրոնական կորիզն է, աշխարհի չորս կողմը ծուարած Հայ դատի եւ հայ իրաւունքներու համար պայքարող այդ բանակն է, որ կ՛օժանդակէ Հայաստանի դիւանագիտութեան եւ յառաջ կը տանի հայութիւնը հետաքրքրող հարցերը:
Այս անգամ ալ այդ բանակը անմիջապէս անցաւ գործի, որպէսզի քողազերծէ ազրպէյճանական մտադրութիւնը, Թուրքիոյ անընդունելի դերը` Կովկաս թափանցելու, վարձկաններու մերժելի մասնակցութիւնը այս պատերազմին, ինչպէս նաեւ կարգ մը պատերազմական ոճիրներ լուսարձակի տակ բերէ, ինչպէս` ֆոսֆորի գործածութիւնը եւ այլ յանցագործութիւններ, որոնք զայրացուցած էին ամբողջ հայաշխարհը: Երրորդը քարոզչական դերակատարութիւնն էր` մամուլի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն ճամբով, ընկերային ցանցերու ընդմէջէն, որովհետեւ այս հարթակներուն վրայ եւս հսկայական պատերազմ կը մղուէր մեզի դէմ, ուստի մեծ անհրաժեշտութիւն կար այդ պատերազմին հակադարձելու եւ հայկական տեսակէտները տարածելու: Քարոզչականին մէջ էր նաեւ ցոյցերու բաժինը, մենք նոյնիսկ տարբեր երկիրներու մէջ փողոցները բախումներ ունեցանք ազերի-թուրքերու հետ, որոնք կ՛ուզէին իրականութիւնը խեղաթիւրել եւ զայն ներկայացնել իբրեւ հայկական յարձակում Ազրպէյճանի վրայ եւ ազրպէյճանական հողերու զաւթում: Չորրորդը տնտեսական-նիւթական աջակցութիւնն է, որ բաւական յաջող ձեւով ընթացաւ, եւ գիտենք, թէ աննախընթաց գումար հաւաքուեցաւ` շուրջ 170 միլիոն եւ աւելի, որ տրամադրուեցաւ Հայաստանին ու Արցախին:
«Վ. Ձ.».- Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ի՞նչպէս կը գնահատէք Հայրենիքի փրկութեան շարժումը, ցարդ անոր կտրած ճամբան եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք անոր յառաջիկայ քայլերը:
Յ. Տ. Խ.- Նման պարտութիւն կրած իշխանութիւնը, որ նաեւ պարպուած է իր էութենէն ու այս ամբողջ ընթացքին յստակ դարձուցած է իր անկազմակերպ եւ անճարակ ըլլալու հանգամանքը, երբեք չի կրնար շարունակել բանակցութիւնը, որպէսզի կարենայ առաւելագոյնս ապահովել հայանպաստ դիրքորոշում: Իսկապէս ալ այս իշխանութեան մնալը մեզի համար ազգային աղէտ է, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ ականատես կ՛ըլլանք պարտուողական նոր դրսեւորումներու, հողային նոր յանձնումներու, սահմանագիծի նոր ճշդումներու, որոնք բոլորն ալ զիջումնային տարբերակներ են, փոխզիջում հասկացողութիւնը իմաստը կորսնցուցած է, որովհետեւ նման բան չենք տեսներ, ամէն ինչ կը կատարուի միակողմանի զիջումներով, այդ ալ` Հայաստանի կողմէ: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է կտրուկ փոփոխութիւն կատարել, եւ ՀՅԴ-ն եղաւ այն մղիչ ուժը, որ կրցաւ համախմբել խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ կազմել Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:
Այս շարժումը միայն կուսակցութիւններէ չի բաղկանար, նաեւ իր մէջ կը ներառէ մտաւորականութիւն, այդ պատճառով ալ ունի լայն խորհուրդ, որ ընդհանուր ուղղութիւնները կը ճշդէ, անոր հովանիին տակ կը գործեն գործադիր, իրաւական հարցերու, քարոզչական եւ կազմակերպական մարմինները, որոնց աշխատանքով կը տարուի գործունէութիւնը: Բնական է, որ մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, կը ծրագրենք այդ շարժումը վերածել ժողովրդային լայն հիմք ունեցող շարժումի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել հայութեան համար անհրաժեշտ կտրուկ փոփոխութիւնները: Մեր հիմնական աշխատանքը կը կեդրոնանայ այն կէտին վրայ, որ այս իշխանութեան մեկնումէն ետք պէտք է ստեղծուի ազգային համերաշխութեան համաձայնական կառավարութիւն մը, զոր գլխաւորելու համար մեր առաջադրած թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է, որովհետեւ ան ունի այդ փորձառութիւնը` իբրեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար, պատերազմին մէջ կտրուկ եւ հայանպաստ դիրքորոշում բերելու: Նաեւ Վազգէն Մանուկեան այն դէմքն է, որ երբեք չէ զիջած իր ազգային գաղափարախօսութենէն, ինչ որ շատ կարեւոր հանգամանք է, մանաւանդ որ ան կոչուած է ըլլալու այն համախմբող եւ միացնող դէմքը, որ նախորդ 2,5 տարուան ընթացքին բեւեռացնող քաղաքականութիւնը, սեւի եւ սպիտակի, ներսի եւ դուրսի, հինի ու նորի բաժանման վերջ մը պիտի կարենայ դնել, որպէսզի մեր ժողովուրդին մէջ վերահաստատուի իսկական միասնականութիւն, նաեւ արթննայ յոյսը, որովհետեւ մենք շատ աւելի մեծ մտահոգութիւններ ունինք, թէ այս պատերազմական վիճակի որոշ եզրայանգումէն ետք կրնան նաեւ ծայր առնել այլ տագնապներ` տնտեսական, արտագաղթ եւ այլն: Ուստի այդ ուղղութեամբ եւս նոր կառավարութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ գործելու, կայունացնէ կացութիւնը, ապա կազմակերպուին արտահերթ ընտրութիւններ:
«Վ. Ձ.».- Վարչապետ Փաշինեան յաճախ կը կրկնէ, որ ինք թիւ մէկ պատասխանատուն է ստեղծուած վիճակին` միեւնոյն ատեն շեշտելով, որ ինք մտադիր չէ հրաժարելու: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս հակասութիւնը` մէկ կողմէ պատասխանատու ըլլալ, իսկ միւս կողմէ ձախողութեան, պարտութեան մատնուելու պարագային` չհրաժարիլ պատասխանատուութենէն:
Յ. Տ. Խ.- Դժուար է բացատրել, որովհետեւ տարօրինակ կացութիւն է. համաշխարհային շատ մը օրինակներ եկած են ցոյց տալու, որ նման լուրջ կորուստներու պարագային, երբ քաղաքական ղեկավարներ ընդունած են իրենց ձախողութիւնը, միեւնոյն ատեն գլխահակ հեռացած են քաղաքական բեմէն` քաջ գիտակցելով, որ պէտք է տեղ ու առիթ տալ ուրիշ իշխանութիւններու, որպէսզի անոնք աւելի լաւ ափ առաջնորդեն երկիրը: Մեր պարագային ալ անհրաժեշտ է ներկայ իշխանութեան հեռացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները եւ փորձ կատարուի քիչ մը աւելի հայանպաստ դիրքորոշումներ կորզել բանակցութիւններուն ընթացքին: Բնականաբար մենք միամիտ չենք ենթադրելու, որ որեւէ նոր իշխանութիւն կրնայ պատռել ստորագրուած այդ յայտարարութիւնը, բայց հոն կան շատ մը անորոշ կէտեր` Արցախի կարգավիճակի, սահմանագծումներու, յատկապէս ապագային վերաբերող, ուստի այդ ուղղութեամբ կայ կատարելիք հսկայական գործ, զոր ներկայ իշխանութիւնը` նման վարչապետի մը ղեկավարութեամբ, ամբողջովին անատակ է իրականացնելու:
Տարօրինակ է եւ իսկապէս անհասկնալի, որովհետեւ եթէ պատասխանատուութիւնը կ՛ընդունի, ատիկա կ՛ենթադրէ հաշուետուութիւն, ամբողջ աշխարհին մէջ ալ պատասխանատուութիւնն ու հաշուետուութիւնը ձեռք-ձեռքի կ՛ընթանան, ուստի Հայաստան չի կրնար միակ բացառութիւնը ըլլալ, իսկ պատասխանատուութեան ստանձնումը կը նշանակէ, որ Փաշինեան պէտք է հեռանայ քաղաքական բեմէն: Դժբախտաբար, անոր մօտ կայ, այսպէս կոչուած, փրկիչի բարդոյթը, որ 2018-էն ի վեր ի յայտ եկաւ, իսկ հիմա անգամ մը եւս փաստուեցաւ, եթէ կարիք կար ատոր, որ Հայաստան պէտք չունի փրկիչի, պէտք ունի ամուր, ազգային գաղափարախօսութեան տէր, ժողովուրդը միացնելու, բռնցքելու ջատագով ղեկավարութեան ու հաւաքական իշխանութեան, որ մեզ պիտի առաջնորդէ աւելի բարօր ապագայի:
«Վ. Ձ.».- Այսօր մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ յետանկախութեան շրջանի ամէնէն խոր տագնապը: Այսօր խնդրոյ առարկայ են Հայաստանի եւ Արցախի հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, հայրենիքը հայրենիք դարձնող կռուանները` բանակը, պետականութիւնը, տնտեսութիւնն ու ազգային հարստութիւնները: Արցախի առաջին պատերազմը յաղթելէ ետք մենք պէտք է յաղթէինք նաեւ խաղաղութիւնը: Չյաղթեցինք եւ շատ սուղ գին վճարեցինք մեր պարտութեան համար: Կրնայի՞նք հոս չհասնիլ, ո՞ւր ձախողեցանք եւ ինչո՞ւ:
Յ. Տ. Խ.- Միանշանակ կրնամ ըսել, որ պէտք չէ՛ հոս հասնէինք: Բնականաբար, ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն ամբողջ մեղքը բարդել նախկին իշխանութիւններու ուսերուն, սակայն ատիկա ճիշդ չէ: Կասկած չկայ, որ մենք ալ ազգովին, վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին հաւանաբար քիչ մը գինովնալով մեր յաղթանակներուն առթած յարբեցողութենէն, քանի մը աշխատանքներ պէտք եղած ձեւով չէինք իրականացուցած, եւ պէտք է ատիկա համեստօրէն ընդունինք: Օրինակ, Արցախի ազատագրումէն անմիջապէս ետք պէտք էր շատ աւելի մեծ թափով ու տարողութեամբ վերաբնակեցման աշխատանքը կարենայինք իրականացնել. ոչ թէ փորձ չէ եղած կամ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ չեն ծաւալած, կատարուած են, սակայն որակն ու քանակը անհրաժեշտութեան համազօր չեն, որպէսզի այդ 30 տարիներուն ամուր հողին կառչած բնակչութիւն ունենայինք մեր բոլոր ազատագրուած շրջաններուն մէջ: Ազգովին պէտք է խոստովանինք, որ այս առումով աւելի լաւ կազմակերպուած պէտք է ըլլայինք: Հաւանաբար այս բոլորը ունին առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ, բայց եւ այնպէս ՀՅԴ-ին համար ասոնք արդարացուցիչ չեն, պէտք է յաջողած ըլլայինք այս առումով: Երկրորդ օրինակը այն է, որ պէտք է ստեղծուէր համահայկական համախոհութիւն Արցախի ընդհանուր բանակցային գործընթացի հաւանական ծալքերուն եւ ելքերուն, այսինքն` բեմագրութեան վերաբերեալ: Ատիկա տեղի ունեցած է անցեալին` նախորդ իշխանութեան օրով, սակայն այս իշխանութիւնը` «անցեալին ոչինչ ճիշդ էր»-ի իր ամբարտաւան մօտեցումով, «ամէն ինչ պէտք է կասեցնել եւ նորը սկսիլ»-ի տրամաբանութեամբ մեզ հասցուց այսօրուան կացութեան: Թշնամիին համար ոսկի առիթ էր լսել, որ այդ երկար տարիներու բանակցութիւններուն մէջ, ուր հայկական կողմը գոնէ յաջողած էր միջազգային ճնշումը տեղափոխել Ազրպէյճանի վրայ, եւ Հայաստանը նկատել տալ իբրեւ աւելի բարի կամեցողութիւն եւ դրական մօտեցումներ ունեցող կողմ, պատկերը շրջուեցաւ, եւ նախորդ 2,5 տարիներուն ընթացքին Փաշինեանի անզգուշ յայտարարութիւններուն եւ դրսեւորած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի այլ մակարդակներու վրայ արտասանուած խօսքերուն ճամբով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Հայաստանի անզիջող կեցուածքներուն վրայ, խաղ մը, որ աւելի ճկուն ձեւով պէտք է յառաջ տանէր Հայաստանը: Երրորդ, կասկած չկայ, որ որեւէ պատերազմէ կարելի է խուսափիլ, մանաւանդ երբ կը զգաս, կը նկատես, կը վերլուծես, թէ դուն պատրաստ չես պատերազմի: Ճիշդ է, որ մենք իբրեւ կուսակցութիւն կամ հայկական որեւէ շերտ չէր կրնար ունենալ այն տեղեկութիւնները, զորս ունին իշխանութիւնները` գիտնալու բանակին վիճակը, դիւանագիտական զարգացումներուն մակարդակը: Այս երկու հիմնական տուեալները ունենալով, Հայաստան ամէն գնով պէտք է միտէր կանխել կամ յետաձգել այդ պատերազմը, որ, գիտէինք, օր մը չէ օր մը անպայման պիտի բռնկէր, սակայն այսքան արագօրէն, այսքան ողբերգական հետեւանքի հասցնող պատերազմէ մը կարելի էր խուսափիլ, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ, ընդհակառակը, 2,5 տարի առաջ ծագած այս շարժումի սխալ մօտեցումները եւ կառավարութեան ուղղուածութիւնը հասցուցին այն կացութեան, որ ամէնէն ցած մակարդակին հասան հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները` աղէտալի հետեւանքներով: Արդարեւ, եթէ շրջանին մէջ կան տիրական երեք ուժեր, որոնք բաւական ազդեցիկ են եւ կ՛ուզեն իրենց ներդրումը ունենալ, անոնք Իրանն են, Ռուսիան եւ Թուրքիան, որուն համար տարիներու երազ էր հատել սահմանն ու մուտք գործել կովկասեան շրջածիրէն ներս: Թուրքիա անցեալին չէր յաջողած իր այդ երազը իրականացնել, սակայն այս անգամ Ազրպէյճանի կողքին գտնուելու իր քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, նաեւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ նախագահ Էրտողան ամէն տեղ նոր հարցեր ստեղծելու տրամադրութիւն ունի` առանց համաշխարհային որեւէ կարծիքի կարեւորութիւն տալու, անգամ մը եւս փորձեց ընդարձակել իր ազդեցութեան սահմանները` հասնելով Կովկաս եւ դժբախտաբար իրականացնելով իր այդ մտադրութիւնը:
«Վ. Ձ.».- Ձեր նշած այս մտահոգութիւնները ներկայացուցա՞ծ էք իշխանութիւններուն, իսկ եթէ ներկայացուցա՞ծ էք, ի՞նչ հակազդեցութեան հանդիպած էք:
Յ. Տ. Խ.- Մենք պատերազմի սկիզբէն քանի մը տեսակցութիւններ ունեցած ենք վարչապետին հետ, նաեւ բազում հանդիպումներ` տարբեր մակարդակներու վրայ, բայց վերջ ի վերջոյ որոշ ժամանակ մը ետք հասած ենք այն եզրակացութեան, որ այս իշխանութեան համար խորհրդակցութիւն բառը տարօրինակ հասկացողութիւն մը ունի. խորհրդակցութիւն կը նշանակէ երկկողմանի հաղորդակցութիւն, բայց մեր տպաւորութիւնը միշտ այն եղած է, որ տեղեկութիւններու փոխանցումը միակողմանի եղած է, իսկ դիմացը այդ ընկալումը չէ ստացուած: Մեր բազմաթիւ հանդիպումներուն ընթացքին վարչապետը կամ այլ նախարարներ առհասարակ համաձայն գտնուած են մեր վերլուծումներուն եւ ներկայացուցած դժուարութիւններուն, բայց որեւէ ատեն ալ լուծման պատկերացում չեն ունեցած, թէեւ մեր թելադրանքները, առաջարկները կրնային իբրեւ լուծման տարբերակներ նկատի առնուիլ, բայց եւ այնպէս լուծման հասնելու պատասխանատուութիւնը իշխանութեան եւ կառավարութեան ձեռքն է, որովհետեւ իրենք կը տիրապետեն տեղեկատուութեան ամբողջական համակարգին: Այն ապատեղեկատուութիւնը, որ տարածուեցաւ ամբողջ պատերազմին ընթացքին, եթէ մասամբ հասկնալի էր, որ «Յաղթելու ենք»-ը շարունակաբար վերածուեցաւ «Կը յաղթենք»-ի, բայց եւ այնպէս ասիկա ստեղծեց աւելի մեծ հարց, որովհետեւ ժողովուրդին ակնկալութիւնները այնքան բարձրացան, որ պատերազմի իսկական վիճակին ի յայտ գալով այդ բարձրութենէն անկումը շատ աւելի ծանր ու խոր թուեցաւ: Այս գծով ալ զգուշաւորութիւն թելադրած էինք մենք, որովհետեւ ռազմաճակատէն մեր ստացած տեղեկութիւնները չէին համապատասխան իշխանութեան տարածած տեղեկատուութեան: Մենք մեր պարտականութիւնը լաւապէս գիտէինք, այդ պատճառով ալ ոչ մէկ ձեւով հրապարակաւ արտայայտուեցանք այս մասին, որովհետեւ անհրաժեշտ էր պահպանել համահայկական միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք չէր բարոյալքել ճակատին վրայ կռուող բանակը, կամաւորներու խումբերը եւ այլն: Բայց եւ այնպէս, երբ եղան յայտարարութիւններ, մենք արտայայտեցինք մեր տեսակէտը, թէ թափթփած ու անկազմակերպ վիճակ կը տիրէ, արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է յայտարարել, որ գիւղերուն մէջ ջոկատներ կազմուին եւ անոնք ընտրեն իրենց հրամանատարը, երբ կանոնաւոր բանակ գոյութիւն ունի, ինչպէ՞ս կարելի է ծածկել իրականութիւնը ժողովուրդէն եւ չըսել իսկական ահաւոր կորուստներուն մասին, իսկ անկէ ետք արդէն ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ մը, որ ունեցաւ իր ծանր հետեւանքները ռազմաճակատին վրայ, եւ թշնամին ալ լաւագոյնս օգտագործեց այդ կացութիւնը:
«Վ. Ձ.».– Յաճախ ըսուած եւ կրկնուած է, որ որքան մեծ ըլլան մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած խնդիրները, այնքան աւելի մեծ եւ ամուր պէտք է ըլլայ հայութեան համախմբումը: Այսօր, սակայն, մենք հակառակին փաստն է, որ կը տեսնենք: Ինչո՞ւ այս կացութիւնը ստեղծուեցաւ, պատերազմը, որ պէտք է համախմբէր մեզ ինչո՞ւ տարբաղադրեց, երկփեղկեց եւ, ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս կրնանք դուրս գալ ասկէ:
Յ. Տ. Խ.- Կասկած չկայ, որ պատճառը պատերազմի հետեւանքն է, բնականաբար: Բոլորս ականատես եղանք այն համահայկական միասնութեան, որ գոյութիւն ունէր ամբողջ պատերազմին ընթացքին, եւ հակառակ անոր որ մենք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էինք իշխանութիւններուն, որ պէտք է ժողովուրդը նախապատրաստել հաւանական արդիւնքին, հակառակը տեղի ունեցաւ: Ապատեղեկատուութեամբ ժողովուրդին ակնկալութիւնները այնքան բարձրացան, որ իրականութեան պարտադրած ամբողջական յուսախաբութեան լոյսին տակ այս պատկերը կը պարզուի: Եթէ Փաշինեան անդրադառնար, որ հայ ժողովուրդը կրած է իր նորօրեայ պատմութեան մեծագոյն պարտութիւնը, ուստի ինք կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը եւ գլխիկոր կը հեռանայ, այս կացութեան դէմ յանդիման չէինք գտնուեր, որովհետեւ այդ պատասխանատուութեան ստանձնումը կու տար իր արդիւնքը, եւ կացութիւնը կը ձգուէր նոր կառավարութեան, որ նոր մօտեցումներով պիտի կարենար յառաջ տանիլ բանակցութիւնները: Երբ ատիկա տեղի չունեցաւ, դժբախտաբար, ատիկա համազօր եղաւ դաւաճանութեան, եւ տակաւին կան շատ մը բացայայտելի կէտեր, որոնք յարաբերական հանդարտութեան մէջ ի յայտ պիտի գան եւ անպայման պէտք է գան, որովհետեւ այդ վերլուծումի բաժինը կը ձգուի ապագային ու պատմութեան, բայց իրականութիւնը այն է նաեւ, որ այլեւս կարելի չէր ժողովուրդը խաբել, կարգախօսներով առաջնորդել, ամբոխահաճ մօտեցումներով յառաջ շարժիլ եւ այդ հսկայ պարտութենէն ետք գործել այնպէս, կարծէք ոչինչ կատարուած է, կառավարութիւնը մնայ իր տեղը` կարգ մը փոփոխութիւններով, որոնք անընդունելի փորձեր էին ծածկելու պարտութիւնը: Այս բոլոր զարգացումներուն լոյսին տակ ստեղծուեցաւ այս լուրջ հակազդեցութիւնը, տեղի ունեցան հրաժարականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը արտայայտեց իր ցասումն ու ընդվզումը: Մինչեւ այսօր, դժբախտաբար, քայլերու կը դիմուի կասեցնելու ընդդիմութեան թափը, ինչպէս` երեք օր սուգ յայտարարելը եւ սգոյ երթ կազմակերպելը, ինչ որ հաճելի երեւոյթ չէ, որովհետեւ խոր սուգի մէջ գտնուող ժողովուրդը, իրենց զաւակներուն ու հայրերուն կորուստին ցասումը սրտին ու չսպիացած վէրքեր ունեցող հայորդիներու ներաշխարհը գրգռելը իսկապէս անընդունելի է եւ դուռ բացաւ ընդհարումներու: Մեր ցաւն ալ այն է, որ կարծէք ասիկա ծրագրուած էր, որպէսզի այդ արդիւնքը ունենայ:
«Վ. Ձ.».- Հիմա հասած ենք հոն, ուր հասած ենք, մարդիկ հարց կու տան, թէ ելքը ի՞նչ է, քաղաքական շրջանակներ նկատել կու տան, որ կայ քանի մը բեմագրութիւն. մէկը այն է, որ վարչապետը հրաժարի եւ իր խմբակցութենէն, իրեն մօտիկ անձնաւորութիւն մը ձեռնարկէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու, այլ տարբերակ է այն, որ ինք ձեռնարկէ արտահերթ ընտրութիւններու, իսկ երրորդը այն է, որ ինք հրաժարի, եւ Վազգէն Մանուկեան գայ եւ գոյակցի այս իշխանութեան, այս խորհրդարանին հետ: Այս տարբերակներէն ո՞րն է ամէնէն հաւանական լուծումը, ըստ ձեզի:
Յ. Տ. Խ.- Բնականաբար մեր նախընտրածը երրորդ բեմագրութիւնն է` Ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը, թէեւ կան նաեւ այլ տարբերակներ, բայց վստահ եմ, որ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, թէ այսօր հայաշխարհին մէջ` համահայկական կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ հանրապետութեան նախագահ, երկու կաթողիկոսներ, Հայաստանի քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակները լրիւ համոզուած են, որ այս վարչապետը պէտք է հրաժարի եւ հեռանայ: Տարբերութիւններ կրնան ըլլալ այդ հեռացումէն ետք պատկերացումներուն մէջ, բայց այսօր կայ ընդհանուր համախոհութիւն, բացի իմքայլական շրջանակներէ, որ այս վարչապետը եւ իր խումբը կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը, ուստի հեռանալէ բացի ոչ մէկ ընտրանք ունին, որպէսզի նոր շունչ տրուի ժողովուրդին եւ նոր առիթ կազմաւորուող խումբին, որպէսզի ապագայի լուրջ բանակցութիւններուն մէջ մենք կարենանք արժանապատիւ կեցուածքով դուրս գալ: Ուրեմն մեզի համար ամէնէն նախընտրելին այդ համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ այս գործընթացները իրենց բնական հունին մէջ դնել, ցնցումներէ խուսափիլ, ժողովուրդին մէջ համերաշխութիւն սերմանել, բաժանարար, քինախնդիր, ոխի հոգեբանութենէն դուրս բերել հասարակութիւնը եւ 6 ամիսէն մէկ տարուան ժամանակաշրջանէ ետք կատարել արտահերթ ընտրութիւններ: Վազգէն Մանուկեան ինք յայտարարած է, ի պատիւ իրեն, որ ինք կ՛ուզէ այդ անցումային շրջանի ղեկավարութիւնը ստանձնել ընդդիմութեան հետ, բայց ինք ապագայի թեկնածու չէ, այլ մէկ տարուան ընթացքին առիթ պիտի տրուի ուժերու ձեւաւորման, ծրագիրներու պատրաստութեան եւ ներկայացման, որուն լոյսին տակ ժողովուրդը պիտի ընտրէ իր ապագայի իշխանութիւնը:
Ասիկա նախընտրելին է, բայց հաւանականը կը մնայ վերլուծումի եւ ենթակայական կարծիքի դաշտին մէջ: Կասկած չկայ, որ եթէ այս իշխանութիւնը եզրակացուցած ըլլար, որ արտահերթ ընտրութիւնները իրեն համար շատ աւելի նպաստաւոր են, անմիջապէս կը կազմակերպէր, սակայն ունի մտավախութիւն, որ այլեւս ամբողջովին հակակշռելի չէ քաղաքական դաշտը, այնպէս չէ, որ իմքայլական խումբը միատեսակ մտածողներէ բաղկացած է, արդէն սկզբունքային լուրջ խնդիրներու պատճառով ականատես եղանք պատգամաւորական այդ խմբակցութենէն հրաժարականներու: Ուրեմն կայ կասկած, որ հրաժարականի պարագային, նոյնիսկ եթէ իրենք փորձեն յատուկ բեմագրութիւն մը իրականացնել, այսօրուան խորհրդարանը ամբողջութեամբ տեղի չտայ այդ բեմագրութեան քուէարկութեան: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչ լուծման պիտի յանգինք, բայց հաստատ է, որ մենք ժողովրդային ճնշումը պիտի շարունակենք, այս անընդունելի կացութեան վերջ պէտք է տրուի, իսկ այդ վերջին սկիզբը իր հրաժարականն է, անկէ ետք բանակցութիւններով կը ճշդուի յաջորդ քայլը:
«Վ. Ձ.».- Ընդդիմութիւնը, նաեւ դուք, շեշտը կը դնէք անցնցում եւ ինքնակամ հեռացման վրայ, սակայն ինքնակամ հեռացման նշաններ չեն երեւիր, իսկ անցնցում հեռացումը կ՛ենթադրէ սահմանադրական, օրինական միջոցներով հեռացում, ինչ որ կը նշանակէ հեռացում` Ազգային ժողովին միջոցով, ինչ որ նաեւ անկարելի ըլլալ կը թուի: Հետեւաբար, չէ՞ք կարծեր, թէ այսօր մենք կանգնած ենք փակուղիի դիմաց, եւ եթէ ներքին թէ արտաքին ազդակներ բեկում չբերեն, այս կացութիւնը կրնայ այսպէս շարունակուիլ երկար ատեն:
Յ. Տ. Խ.- Ես կը կարծեմ, թէ վարչապետը համոզուած է, որ իր ժամանակը սպառած է եւ պէտք է մեկնի, ես ատոր հաւատք ունիմ, պարզապէս առաւելագոյն ձգձգումի քաղաքականութեան փուլի մէջ ենք, ինք կառչած կ՛ուզէ մնալ աթոռին, որուն համար կը ցաւիմ, որովհետեւ այս կը նշանակէ, թէ անոր մօտ չէ հասունցած այն հասկացողութիւնը, որ ամէն պատուաւոր հայ պէտք է ունենար, յատկապէս հայ ղեկավար, թէ կու գայ պահը, երբ ստիպուած ես քու անձնական շահերդ ստորադասելու ազգային կամ հայրենի շահերուն: Մենք կ՛ակնկալէինք, որ ինք այդ հասկացողութիւնը ունենայ, ատոր համար է, որ անցնցում, սահմանադրական ձեւով հարցը յառաջ տանելու ուղին ընտրած ենք, ինչ որ ներկայիս միակ ուղին է, բայց եթէ ստեղծուին այնպիսի կացութիւններ, որ այլեւս վերածուի ամբողջական քաոսի, եւ վիճակը անհակակշռելի ըլլայ, իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է վերարժեւորէ կացութիւնը եւ տեսնէ, թէ ի՛նչ յատուկ ելքեր գոյութիւն ունին:
Այսօր մենք տակաւին կը հաւատանք, որ ժողովրդային ճնշումով, հրաժարականի շարունակական պահանջներով, իր եւ իր անմիջական գործակիցներու մեկնումին շուրջ գոյացած համախոհութեամբ կարելի ըլլայ փոփոխութիւն յառաջացնել, մանաւանդ որ կ՛ուզենք հաւատալ, թէ իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն մէջ ալ կան մտածող տարրեր, որոնք` ազգային շահերէ մեկնած, իրենք ալ ստիպուած են եզրակացութեան յանգելու, իսկ այդ պահը պիտի գայ, երբ կտրուկ քայլ առնուի եւ հարցը բերուի խորհրդարան: Կայ յոյս. վերջ ի վերջոյ երկու խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը` թէ՛ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, թէ՛ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը անոր հրաժարականին նկատմամբ համախոհ են, թերեւս տարբերութիւններ ըլլան ապագային նկատմամբ, սակայն անոր մեկնումին գծով մէկութիւնը առկայ է: Եթէ կարելի ըլլայ համոզել բաւական մեծ շրջանակ, կը կարծեմ, թէ պիտի կարենանք յաջողիլ սահմանադրական ճամբով մեր փափաքած փոփոխութիւնները յառաջացնել, բայց եւ այնպէս պահուան թելադրութեամբ պիտի գործենք: Մէկ բան յստակ է, ինչպէս նշեցիք, կան ներքին եւ արտաքին ճնշումներ. ներքինը ժողովրդային է եւ արդէն սկսած է աննահանջ` Արժանապատուութեան երթերով եւ այլ շարժումներով, բայց եւ այնպէս ժողովուրդին մէջ կայ հսկայ զանգուած մը, որ զգուշաւորութիւն ցոյց կու տայ հիմնական քանի մը պատճառներով. առաջին` «Քորոնա»-ի համաճարակը տակաւին կը տիրէ երկրին մէջ, ամէն մարդ չէ, որ փողոց իջնելու քաջութիւնը ունի, երկրորդ` ռազմական դրութիւնը ամբողջովին չէ վերացուած, հակառակ անոր որ կարգ մը արգելքներ դատարանին ճամբով վերցուեցան, կայ նաեւ ցնցումը, սուգը, ցաւը, որ ժողովուրդին մէկ մասը շոքի մէջ կը պահէ, որովհետեւ այսպիսի համազգային մակարդակի աղէտ, զոր մենք չենք տեսած մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, ժամանակի կը կարօտի մարսելու, ընկալելու: Այս շփոթ վիճակին մէջ ես որոշ չափով կը հասկնամ զանգուածի մը անտարբերութիւնը, որովհետեւ անոնք կողմնորոշուելու հարց ունին, նաեւ կը յուսամ, որ մեր աշխատանքներով կարենանք համոզել, որ մեր ձեւն է ճիշդը, այդ հատուածն ալ միանայ եւ վերջ ի վերջոյ անոր համբերութիւնն ալ հատնելով անցնի գործի:
«Վ. Ձ.».- Քաղաքական պայքարի ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան կ՛ուղղուին բազմաթիւ մեղադրանքներ եւ շփոթ յառաջացնող հարցումներ, որոնց կ՛ուզեմ անդրադառնանք, եթէ արտօնէք:
Առաջին հարցադրումը այն է, որ եթէ ընդդիմադիր 16 կուսակցութիւնները վարչապետ Փաշինեանի նման համաձայն են 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, ի՞նչ պիտի փոխուի, եթէ անոնք իշխանութեան հասնին:
Յ. Տ. Խ.- Շատ բան կը փոխուի իշխանափոխութեամբ` պատմութիւնը վկայ, երբ սխալ քաղաքականութիւն վարած ղեկավարներ գլխահակ կը հեռանան, որովհետեւ, իրենց ժամանակը սպառած ըլլալով, չեն կրնար թէ՛ պարտուիլ, եւ թէ՛ շարունակել ապագան կերտել: Այս է մեծագոյն սխալը Փաշինեանին եւ իր խումբին. ճիշդ է, այդ թուղթը ստորագրուած եւ անցած է պատմութեան, հակառակ անընդունելի իր այդքան ամբոխահաճոյ ճառերուն, որոնց ընթացքին ան մատը թափ տալով կը հաստատէ, որ ոչ մէկ փաստաթուղթ կը ստորագրէ, առանց զայն ժողովրդային հանրաքուէի դնելու: Ո՛չ միայն չդրուեցաւ հանրաքուէի, այլ նոյնիսկ չտարուեցաւ խորհրդարան, չքննարկուեցաւ Սահմանադրական դատարանին մէջ, նոյնիսկ Հայաստանի նախագահն ու նախարարները տեղեակ չեղան, այլ ինք անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնեց այդ թուղթին տակ ստորագրելու, իսկ անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնողը պէտք է անձնապէս ալ մեկնի, որպէսզի առիթ տայ նոր իշխանութեան այդ փաստաթուղթին մէջ եղող բազմազան անորոշութիւնները ճշդելու եւ այդ ընթացքին աւելի հայանպաստ դիրքորոշում ունենալու աշխատանքին ձեռնարկելու: Ինք չի կրնար ատիկա ընել, իսկ փաստն ալ վերջին օրերու սահմանագծումներու խնդիրն է, որ ցոյց տուաւ, թէ ամէն տեղ զիջումներու տակ ենք, որովհետեւ թշնամին գտած է պարտուած ղեկավարը, իսկ Ազրպէյճանի համար լաւագոյն այլընտրանքը Նիկոլ Փաշինեան պահելն է: Փաստաթուղթին մէջ կայ նաեւ հսկայական այլ բաց մը, որմէ միջազգային ուժերը, ներառեալ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները երբեք չեն հրաժարած. այդ ալ կարգավիճակի խնդիրն է: Ազրպէյճան ներկայիս սկսած է ըսել, որ իրեն համար Արցախի հարցը լուծուած է, չունի բանակցելու հարց, եւ մեզի համար անորոշ կը մնայ, որ եթէ հարցը այդքան լուծուած է, ուրեմն ինչու Արցախին ճանաչում չի շնորհուիր, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու: Կարեւորը այն է, որ եթէ Հայաստան շնորհէ Արցախի անկախութեան ճանաչում, շատ մը երկիրներ պատրաստ են այդ ուղղութեամբ քայլերու դիմելու, բայց ինչպէ՞ս կարելի է յանդուգն քայլեր ակնկալել իշխանութենէ մը, որ ինք այդ պարտուողական յայտարարութիւնը ստորագրած է, իսկ հիմա հլու կամակատարի դերով այդ ամբողջ պայմանները հարիւր առ հարիւր տոկոսով, երբեմն ալ աւելի, իրագործելու ընթացքի մէջ է:
«Վ. Ձ.».- Երկրորդ թէզը, որ յառաջ կը քշուի, այն է, որ ժողովուրդէն եկածը ժողովուրդով կը մեկնի: Տակաւին վարչապետին շուրջ ժողովուրդ կը տեսնուի, եւ կայ ժողովուրդի զանգուած մը, որ չէ դիրքորոշուած կամ անտարբեր է, եւ կամ իր ձայնը տակաւին չէ բարձրացուցած:
Յ. Տ. Խ.- Հայաստանի կացութիւնը այնպիսին է, որ բռնատիրական բոլոր գործընթացները ստեղծեցին այնպիսի կացութիւն մը, երբ առանձին անհատ մը փորձեց վճռել ազգի մը ճակատագիրը: Ժողովուրդով կրնաս գալ, բայց ժողովուրդով մեկնիլը ինչպէ՞ս պիտի ճշդուի. խօսեցանք անտարբերներու կամ ցնցումի տակ գտնուողներու մասին, որոնք տակաւին վերջնականօրէն չեն կողմնորոշուած հաւանաբար, սակայն այսօր փողոցը կայ 20-30 հազար հաշուող ժողովուրդը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը բողոքէ տարբեր ձեւերով, նաեւ բազմահազարներու մասնակցութեամբ կայացան հաւաքներ, ուր շեշտուեցաւ, որ Հայաստան պէտք է շարունակէ առանց Նիկոլի: Այս բոլորը ի վերջոյ ժողովուրդին ձայնն են, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ճշդել, թէ ժողովուրդին կամքը ի՛նչ է. ժողովուրդը պէտք է մարսէ այս պարտութիւնը, անդրադառնայ հետեւանքներուն, տայ իր եզրակացութիւնը եւ տարի մը ետք այդ ժողովուրդը պէտք է վճռէ իր ճակատագիրը: Բայց եւ այնպէս ժողովուրդով եկողն ալ խղճի հարց պէտք է ունենայ եւ որոշէ, թէ իր հեռացումը հրամայական է:
«Վ. Ձ.».- Երրորդ հարցադրումը, որ սովորաբար կը դրուի Դաշնակցութիւն թերագնահատողներուն կողմէ, այն է, որ 16 կուսակցութիւններու համախմբումը անուանական է, Դաշնակցութիւնն է, որ կը գլխաւորէ ու կ՛առաջնորդէ այս շարժումը: Հոս ալ հակասութիւն կայ:
Յ. Տ. Խ.- Քաղաքական խաղերու եւ սադրանքներու մաս կը կազմեն այս բոլորը: Մենք երբեք չենք ժխտած, որ այդ ընդդիմութիւնը համախմբողը, համակարգողը, սիրտը Դաշնակցութիւնը հանդիսացած է, բայց եւ այնպէս երբեք պէտք չէ թերագնահատել մեր գործընկերները, ի վերջոյ անոնք ալ քաղաքական ուժեր են, որոնք ունին իրենց կարծիքն ու մօտեցումները: Իսկապէս մեծ իրագործում պէտք է նկատել, որ այս բոլոր ուժերը քով-քովի եկած ու համախմբուած են մէկ տեսլականի, նոյնիսկ մէկ թեկնածուի շուրջ` Վազգէն Մանուկեանին, որ դաշնակցական չէ, ինքզինք փաստած է իբրեւ նման ճգնաժամերէ դուրս բերելու ատակ անձ մը, որ կրնայ համախմբել այդ բոլոր ուժերը: Ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը իր կեդրոնական դիրքով, համադրողի իրավիճակով կը գործէ, սակայն դիտմամբ կը կատարուի այդ քաղաքական սադրանքը, որպէսզի կարելի եղածին չափ հարուածի թիրախ դառնայ Դաշնակցութիւնը, նաեւ փորձ կը կատարուի զայն բաժնելու իր գործընկերներէն: Մենք որոշած ենք բոլոր հիմնական որոշումները տալ համախոհութեամբ, եւ այդպէս ալ կը կատարուի:
«Վ. Ձ.».- Վերջին հարցադրումն ալ այն է, որ ընդդիմութիւնը ինչո՞ւ կեդրոնացած է Հայաստանի իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջին վրայ եւ չի պահանջեր նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հեռացումը:
Յ. Տ. Խ.- Արցախի մէջ տարբեր գործընթաց կ՛ընթանայ. ճիշդ է, որ չկան քաղաքական լուրջ շարժումներ, որոնք կը պահանջեն Արցախի նախագահին անմիջական հրաժարականը: Ասիկա պայմանաւորուած է երկու հանգամանքով, առաջինը այն է, որ պահանջած էին, որ ինք ստանձնէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը, երկրորդ` ընդունի այդ ընդվզումի ալիքը, որ կը բարձրանայ աշխարհով մէկ, իսկ երրորդ` նախագահը անդրադառնալով, թէ ինք կը կրէ պատասխանատուութիւն, ուրեմն ատիկա պէտք է ունենայ հետեւանք, եւ ինք քիչ մը հեռու կանգնի քաղաքական կեանքէն, հրաժարի իր ղեկավարած կուսակցութեան նախագահութենէն` յայտնելով, որ ինք այլեւս թեկնածու չէ: Ի պատիւ իրեն` մեր եւ ուրիշներու կողմէ Արայիկ Յարութիւնեանին փոխանցուած մտահոգութիւնները ան արտացոլացուց իր վերջին ուղերձին մէջ, ուր նաեւ նշուեցաւ, թէ տակաւին կան ծալքեր, զորս ինք չ՛ուզեր բանալ ներկայիս, սակայն ապագային պիտի խօսի այդ մասին. ատոնցմէ մէկը կը վերաբերէր բանակի վիճակին եւ պատերազմի ընթացքին, իսկ երկրորդ, որ արդեօք անհրաժե՞շտ էր մինչեւ նոյեմբեր սպասել, որ այսպիսի վախճան ունենայ, երբ պատերազմի առաջին շաբաթներէն կացութիւնը արդէն բաւական յստակ էր, եւ մենք կրնայինք աւելի մեծաթիւ զոհեր խնայել: Ան այս բոլորին մանրամասնութիւնները չտուաւ անշուշտ, սակայն հաստատեց, որ պատրաստ է դատուելու եւ բացայայտումներ կատարելու ճիշդ ժամուն: Շատ յստակ կերպով լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ Փաշինեանի եւ Յարութիւնեանի կեցուածքներուն միջեւ. ուրախ ենք, որ Արայիկ Յարութիւնեան արդէն անդրադարձաւ, որ իր` Երեւանին հլու կամակատարը ըլլալը առաւելութիւն չբերաւ Արցախին: Ասիկա առաջին հանգամանքն էր, որ ինք իր մեղքի բաժինը ստանձնած է եւ ապագային ազգային համաձայնական կառավարութիւն ստեղծելու մտադրութիւնը արդէն յայտարարած է:
Երկրորդ հանգամանքը, որ նոյնքան կարեւոր է, այն իրողութիւնն է, թէ այսօր կայ արտաքին ազդակի առկայութիւն Արցախի մէջ, եւ Արցախի նախագահի հրաժարականը սահմանադրութեամբ կ՛ենթադրէ Ազգային ժողովի լուծում, իսկ այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ խաղաղապահ ուժեր հաստատուած են, Ազրպէյճան իշխանութիւնները չի ճանչնար, չ՛ընդունիր նոյնիսկ ԼՂԻՄ-ի հայկական ըլլալը, նախագահի հրաժարականը կը ստեղծէ այնպիսի իրաւաքաղաքական քաոս, որմէ կրնանք դուրս չգալ այս փուլին: Յարութիւնեանի այն պատրաստակամութիւնը, թէ ինք պիտի հրաժարի այն պահուն, երբ համախոհական ուժերը յարմար նկատեն, յաւելեալ արժէք կու տայ իր յայտարարութեան եւ կը հաստատէ, որ Արցախի մէջ գործընթացները քիչ մը տարբեր ձեւով կ՛ընթանան, եւ այդ պատճառով ալ սուր պահանջ չկայ անոր հրաժարականին:
«Վ. Ձ.».- Մեր ժողովուրդին եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ կայ նաեւ այն հարցադրումը, թէ Արցախի անկախութեան ի՞նչ ճանաչման մասին կը խօսուի, տակաւին Արցախ կա՞յ, երբ սահմանները կոտորակուած են, բնակչութեան կէսը գաղթական է, խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած են:
Յ. Տ. Խ.- Արցախը կա՛յ, մենք կորուստներուն հետ չենք հաշտուած, եւ պիտի գայ օրը, երբ պիտի վերականգնենք անոնց գէթ մէկ կարեւոր տոկոսը` հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայ ժողովուրդին ցուցաբերած անկոտրում կամքին ու վճռականութեան շնորհիւ:
Ճիշդ է, որ եղածը համազգային աղէտ է, սակայն զայն պէտք չէ վերածել այնպիսի ողբերգութեան, որ ամէն ինչէ յուսալքուինք եւ հրաժարինք: Նման բան չի կրնար ըլլալ, ընդհակառակը, աշխատանքները պէտք է բազմապատկենք, յոյսը վերադարձնենք ժողովուրդին, մանաւանդ որ կը տեսնենք, թէ Արցախը լքած ժողովուրդին մէկ մասը արդէն կը վերադառնայ, ինչ որ խանդավառող երեւոյթ է, մեզի կը մնայ ազգովին աշխատիլ` վերադարձողները հողին կառչած պահելու ուղղութեամբ: Կայ նաեւ քաղաքական աշխատանքի հսկայական դաշտ, ուր ճանաչման գործընթացը իր տեղը ունի, որպէսզի մենք կարենանք տէ ֆաքթօ իշխանութեան նաեւ տալ տէ ժիւրէ իրաւական հասկացողութիւն, որպէսզի Արցախի իշխանութիւնները իրենց գերիշխանութիւնը քիչ մը բարձրացնեն: Ասոր համար ալ հիմք կայ, տեսանք Ֆրանսայի մէջ այս առնչութեամբ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու բանաձեւերու որդեգրումները, սակայն կառավարութեան մօտ կանգ առաւ այս գործընթացը, որովհետեւ անիկա իր կարգին պիտի սերտէ համաշխարհային դրուածքը, Հայաստանի կեցուածքը, որովհետեւ կառավարութիւնը արդարօրէն հարց կու տայ, որ պատերազմի ընթացքին հոյակապ առիթ կար Արցախի ճանաչման, ինչո՞ւ ատիկա տեղի չունեցաւ: Մենք եւս այդ հարցումը ուղղեցինք կառավարութեան, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնը կը պատճառաբանէր, որ ճանաչումի հարցը կը պահէ իբրեւ վերջին խաղաքարտ, երբ բանակցութիւնները դադրին եւ ճգնաժամ ստեղծուի. ասկէ աւելի ի՛նչ մեծ ճգնաժամ կրնար ըլլալ, որ մենք այդ խաղաքարտը օգտագործէինք: Մենք լաւապէս հասկցած էինք, որ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստանը ինչո՛ւ չէր ճանչցած Արցախը` բանակցային գործընթացով պայմանաւորուած, սակայն երբ պատերազմի մէջ ես, բանակցութիւնները սառած են, Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ճակատ կազմած են, ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայ յարձակում կը գործուի, հոյակապ առիթ էր, որ այդ ճանաչումը շնորհուէր, հիմա ալ պէտք է այդ ճանաչումը իրականանայ: Դժուարութիւնները բազում կրնան ըլլալ, բայց մեզի համար ճանաչման հարցը կը մնայ առկայ, իսկ Հայ դատի ցանցին համար ատիկա կը մնայ օրակարգի մնայուն կէտ` աշխարհով մէկ աշխատանք տանելու հրամայականով: Ասոր կողքին, սակայն, կան բազում այլ խնդիրներ, ներկայիս կայ անօթեւան մնացած գաղթականներու հարցը, այդ յայտարարութենէն բխող ժողովուրդներու փոխանակման խնդիրը, որ չէ լուծուած, եւ որուն լուծումը երկարատեւ բանակցութիւններու նիւթ կրնայ ըլլալ, բայց եթէ կրկին պարտադրուի այնպիսի հանգամանք, որ Հայաստանի կողմը ոչինչ ունենայ ըսելիք, Արցախը ըսելիք չունենայ, յանկարծ տեղաշարժ ըլլայ եւ այս անգամ ազրպէյճանցի ժողովուրդ բերուի եւ բռնի բնակեցուի հայկական հողերուն վրայ: Ասիկա պիտի ստեղծէ նոր ոլորապտոյտ մղձաւանջ եւ պայթունավտանգ նոր իրավիճակ: Տակաւին կայ Արցախի ամբողջ ենթակառոյցի վերականգնման խնդիրը, միջազգային օժանդակութեան ապահովման պարագան, զոր պէտք է հունաւորուի, թէեւ Ռուսիան որոշ խոստումներ տուած է վերականգնումին մասնակցելու, բայց ատով պէտք չէ բաւարարուիլ, պէտք է ներգրաւուին այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք իբրեւ նուիրատուներ պիտի գան օժանդակելու Արցախի վերականգնման: Այս բոլորին համար կարիք կայ ամուր կառավարութեան, որ ճիշդ քաղաքականութիւն վարէ եւ ճշգրիտ ուղղութեամբ տանի այդ նուիրատուութիւնները:
«Վ. Ձ.».- Քաղաքական այս ընդհանուր զարգացումներուն եւ բանակցութիւններուն մէջ կան նաեւ այլ խաղաքարտեր, զորս Հայաստանի իշխանութիւնները չեն օգտագործեր մեզի համար անորոշ պատճառներով, ինչպէս` պատերազմական ոճիրներու հարց, գերիներու հարց, սահմանագծումի հարց եւ այլն: Ինչո՞ւ իշխանութեան մօտ այս բոլորին առնչութեամբ անորոշութեան, տատանումի վիճակ կայ:
Յ. Տ. Խ.- Մեզի համար ալ անհասկնալի կը մնան այս մօտեցումները, բայց մէկ բան շատ հասկնալի է, որ այս իշխանութիւնը միշտ այս ձեւով աշխատած է, միշտ քաոսային վիճակ պարզած է, միշտ անհամադրուած աշխատանքի ձեռնարկած է` ամբոխավարութեամբ ղեկավարած կառավարութիւնը: Այսօր շատ աւելի բացայայտօրէն ի յայտ կու գայ ատիկա, որովհետեւ պատերազմական վիճակը քանդած է այն քողը, որ շատ մը ապիկարութիւններ ծածկած էր. հիմա յստակ կ՛երեւի այն ձախաւեր վիճակը, զոր մեզ առաջնորդած է աղէտէ աղէտ, այդ պատճառով ալ աւելի քան անհրաժեշտ է կասեցնել այս վիճակը, որպէսզի արիւնահոսութիւնը կասեցնելէ ետք կարելի ըլլայ փաթթել վէրքը եւ բուժել զայն: Ինչպէս յիշեցիք, տարբեր հարցերու գծով հետապնդում չի կատարուիր, ճիշդ է, որոշ փոքր ճիգեր եղած են, սակայն բաւարար չեն, մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, Հայ դատ եւ տարբեր երկիրներու բնակիչներ, որքան ալ լուսարձակի տակ առնենք ոճիրներ կամ այլ հարցեր, բայց եւ այնպէս օրինական իրաւունքը չունինք իբրեւ պետութիւն: Ուստի կարիք կայ Հայաստանի ամուր կեցուածքի, որպէսզի տարբեր հարցերու հետապնդում կատարուի:
«Վ. Ձ.».- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Արցախի հարցի լուծումը, ի՞նչ ձեւաչափով:
Յ. Տ. Խ.- Ներկայիս ամէնէն յարմար ձեւաչափը Մինսքի խմբակն է եւ ատոր համանախագահող երեք երկիրները, բայց պէտք է նաեւ իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ այս պատերազմը կացութիւն փոխած է երկու իմաստով. նախ` Ռուսիան աշխարհին համար յստակ դարձուց, որ ինք երկու գործընկերներու կարիք չունի, որպէսզի պարտադրէ իր շահերէն բխած լուծում, իսկ երկրորդ` Թուրքիան փաստեց, որ ինք դերակատար է: Մինչ այդ յիշեցնենք, որ Թուրքիան Մինսքի խմբակի անդամ է, պարզապէս համանախագահող կողմ չէ, իսկ ներկայիս իր նպատակն է, որ ձեւաչափը փոխուի, եւ դժբախտաբար ներկայիս կան խօսակցութիւններ վեցեակ ստեղծելու մասին, իսկ իբրեւ խայծ Հայաստանին կը ներկայացուի, որ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները պիտի բացուին, թէեւ յստակ չէ ատիկա, եւ որ Հայաստան կրնայ անոր միանալ, եթէ կը փափաքի: Բոլոր պարագաներուն ալ քաղաքական տարբեր համախմբուածութիւն կրնայ յառաջանալ, եւ հոն մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիան. ասիկա կանխելու համար է, որ պէտք է շեշտը դնել Մինսքի խմբակին դերակատարութեան վրայ:
«Վ. Ձ.».- Իբրեւ Դաշնակցութիւն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը:
Յ. Տ. Խ.- Մեզի համար այդ յայտարարութիւնը ամբողջովին անընդունելի է, անիկա ազգային աղէտ է, անոր տակ երբեք եւ որեւէ ձեւի հայկական ստորագրութիւն պէտք չէ ըլլար, բայց այսօր կայ այն, ինչ որ կայ: Դաշնակցութիւնը այն քաղաքական ուժը չէ, որ միայն ցնորքներու վրայ կ՛ուզէ կառուցել ժողովուրդին ապագան, ատոր համար ալ հիմա պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս յայտարարութիւնը բարելաւել, որուն համար ձեւերն ու միջոցները կան: Հոն կան տարբեր հարցեր, որոնք բանակցութիւններու ճամբով կարելի է ճշդել: Հսկայական եւ երկարատեւ աշխատանք կայ գերիներու, սահմանագծումի, կարգավիճակի եւ Արցախի մէջ իշխանութեան ճանաչման ու տնտեսական հզօրացման վերաբերող:
«Վ. Ձ.».- Ի՞նչ պատգամ ունիք մեր երիտասարդներուն, Հայ դատի մարմիններուն, ուղեկից միութիւններուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց աշխատանքը կազմակերպեցին, հունաւորեցին Արցախի ուղղութեամբ:
Յ. Տ. Խ.- Առաջին ուղերձս այն է, որ մեր աշխատանքէն որեւէ բան չէ փոխուած, մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու, այնպէս չէ, որ արդէն ամէն ինչի վերջ է, եւ մենք պէտք է փակենք Արցախի էջը մեր Հայ դատի օրակարգէն: Նման բան չկայ: Չստեղծուի այն թիւր ըմբռնումը, որ այս ապիկար իշխանութեան պատճառով մեր կրած պարտութենէն ետք պէտք է ուշադրութիւն դարձնել Հայ դատի այլ բնագաւառներուն միայն: Ընդհակառակն, ներկայիս Արցախի հարցը աւելի հրատապ է, քան երբեւէ:
Առաջին պատգամս այն է, որ մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, Հայ դատի մարմիններ ոչ մէկ իրաւունք ունինք վհատելու, յուսալքուելու եւ պէտք է այդ պարտութիւնն ու ցնցումը վերածենք յաղթանակի` մարտավարական կարգ մը փոփոխութիւններով, որովհետեւ ռազմավարութիւնը կը մնայ նոյնը: Երկրորդ պատգամս այն է, որ մեր երիտասարդութիւնը երբեք իր յոյսը պէտք չէ կորսնցնէ եւ պէտք է ամբողջովին հեռու մնայ ներքին շերտաւորումներէ, բաժանարար գիծերու ստեղծումէն, որուն մեղսակից են իշխանութիւնները: Տակաւին կան ապազգային մտածողներ, որ այսպէս լաւ եղաւ, ազատեցանք Արցախի խնդիրէն. նմաններուն համար առօրեայ ապրուստի խնդիրը, ըստ երեւոյթին, միակ մտահոգութիւնն է եւ իրենք լրիւ դատարկուած են ազգային գաղափարախօսութենէ: Ժամանակն է անդրադառնալու, որ վերջին 2,5 տարիներուն, հաւանաբար նախապէս ալ, տեղի ունեցող շարժումները, որոնք կ՛ուզէին հայկական էութիւնը դատարկել իր ազգային գաղափարախօսութենէն, այսպիսի աղէտի կ՛առաջնորդէին: Այս բոլորը պէտք է շատ արագօրէն սրբագրուին, որպէսզի համակարգային աղէտի դէմ յանդիման չգտնուինք: Երիտասարդութեան ուղղուած կոչս է` երբեք չվտահիլ, չյուսահատիլ, ընդհակառակը, շարունակել դաստիարակուիլ այն սկզբունքով, որ մենք կը ծառայենք հայրենիքին, հայութեան նպատակներուն եւ Հայ դատին, նման մտածողները իրենց երիտասարդ ընկերներուն այդ ազգային ոգին պէտք է փոխանցեն, որպէսզի ատիկա դառնայ համահայկական ընկալում, ինչ որ էական է, որպէսզի մեր ժողովուրդին մէջ վերադառնան ազգային ակունքներն ու հպարտութիւնը:
«Վ. Ձ.».- Իւրաքանչիւր պարտութենէ կը ծնի նոր յաղթանակ, ի՞նչ պէտք է ընենք, որ հասնինք այդ յաղթանակին ու դարձեալ ոտքի կանգնինք:
Յ. Տ. Խ.- Նախ պէտք է շատ արագ ձեւով վերականգնել Արցախը, որուն համար պէտք է լծուիլ աշխատանքի, որուն պատկերացումը ունինք արդէն, երկրորդ` պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, արդիականացնել զայն, անոր մէջէն պարտուողի հոգեբանութիւնը վերցնել: Երրորդ` մենք պէտք է ունենանք շատ աւելի հմուտ միջազգային դիւանագիտութիւն, որպէսզի կարենանք Հայաստանի դիրքորոշումները քիչ մը աւելի ակրեսիւ ձեւով ներկայացնել աշխարհին: Իբրեւ Դաշնակցութիւն մենք այս բոլոր գործընթացներուն մէջ Հայաստանին աջակցելու կողմնակից ենք, ինչպէս ըրած ենք անցեալին, պիտի ընենք նաեւ այսօր` միեւնոյն թափով: Այսպիսով նոր մարտահրաւէրներու դաշտ կը բացուի մեր դիմաց, եւ մենք չենք կրնանք անտեսել, այլ յուսադրուած ձեւով եւ աննկուն կամքով պէտք է շարունակենք աշխատանքը: