ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երկուշաբթի, 4 Յունուարին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհանէսեանի եւ անոր դստեր՝ Սիլվիի:
Տիկին Անահիտը սրբազան հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն նորընտիր առաջնորդ սրբազանին՝ Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: