ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայը իր հայրենի հողին, ժայռ ու քարին, ծառի բունին, վանքի պատին եւ խաչքարին յամառօրէն կառչած ապրելու ցանկութեամբ շնչող ազգ է, խոնարհ, ազգերու համայնապատկերին մէջ շատ անգամ աննշմար, բայց այնքան հին որքան Արարչութիւնը: Իսկ դուք կ’ուզէ՞ք մեր ազգը տեսնել իր բնաշխարհին մէջ, իր ամենայն պարզութեամբ ու մերկութեամբ: Այն ժամանակ, զայն մի’ փնտռէք անմատչելի գագաթներու վրայ, ոչ ալ լեռնային քարանձաւներու մէջ, այլ նայեցէք վար, դիտեցէք հայրենի հողն ու քարը: Մամուռն է ան, դալար, դիմացկուն, լռելեայն աճող: Այսօր, երբ հայը իր մայր հողէն արմատախիլ ընելու փորձեր կը գործադրուին, կը փափաքիմ խօսիլ «մամուռ» բառի մասին, ու անոր այլաբանութեան մէջ հասկնալ, թէ մենք ինչո՛ւ ենք տոկուն եւ ինչո՛ւ ենք մենք այսպէս կապուած մայր քարին:
Աննշմար է «մամուռ» բառի արմատը: Հայոց լեզուին մէջ ալ անիկա չէ արձակած խոր արմատներ: Այնքան սակաւաթիւ են «մամուռ»ով կազմուած բարդ բառերը, որ կարելի է բոլորը այս նախադասութեան մէջ ամփոփել. մամռապատ, մամռարմատ, մամռախնդիր (առաջին անգամ Ղազար Փարպեցիի կողմէ գործածուած), մամռոտ եւ թելամամուռ: Ան յաջողած է նաեւ դառնալ դարձուածք մը. «մամուռ պատած», այսինքն՝ ժամանակավրէպ, հինէն մնացած, ինչպէս՝ «մամուռ պատած սովորութիւններ, աւանդութիւններ»:
Կ’ընդունիմ, թէ հայը «մամուռ» բառի այլաբանութեամբ նկարագրելու կամ ըմբռնելու փորձը նորութիւն մըն է: Մինչեւ այսօր, քնարերգակ բանաստեղծներ ու հեղինակներ, սրամիտ, Հայկական բարձրավանդակի կենդանական աշխարհէն ընտրուած շնչաւորի մը պատկերով ներկայացուցած էին հայու նկարագիրը: Ձեզի հակիրճ ձեւով ներկայացնեմ, թէ ո՛ր գիշատիչի կամ երկչոտ անասունի մտապատկերը օգտագործեցին անոնք, հասնելու համար ինքնաճանաչումի՝ անհատական կամ ազգային:
Հայոց պատմագիրքին մէջ, յարգելի ընթերցողներ, եթէ դուք լսէք արծիւի մը կռիչը, այծի մը պապաչիւնը, արագիլի մը կափկափիւնը, ծիծեռնակի մը ճչիւնը կամ կռունկի մը կանչիւնը, մի զարմանաք․․․ հա՛յն է ան՝ մագիլներով, ճիրաններով, ճանկերով իր հողին կառչած, ապրելու ցանկութեամբ հեւացող: Խաչատուր Աբովեանը տեսաւ հայու հեզ ու համեստ բնաւորութիւնը ու անմեղ գառնուկի մը նմանցուց զայն. «Հայը խոնարհ ա, ու Աստուծոյ գառը… Ա՜խ հայի սրտին, հայի արեւին ես ղուրբան ըլիմ»: Նոյն օրերուն, երբ անօրինութիւններու եւ կեղեքումներու գազանացած ալիքներ անխնայ կը հարուածէին հայու կեանքն ու գոյքը, Րաֆֆին «Սալբի» վէպին մէջ ընդարձակեց այդ միտքը. «Մի անմեղ գառն, մնաց գայլերի ճանկերի մէջ»: Ազատագրական պայքարի ոգիով տոչորուած գրողներ, ինչպէս Ռուբէն Սեւակ, հայը ուզեցին տեսնել իբրեւ «գառնուկ գայլի հանդերձով»: Ահա՛ Սեւակին 1907 թուականին գրի առած խօսքերը. «… Հայը, ասկէ տասը-քսան տարի առաջ գառնուկ ժողովուրդն էր՝ հեզ, համբերատար, մեղմաբարոյ, երեսը հաւասար գետնի հողին, իսկ վիզը յօժար ամէն լուծի: […] Սակայն այս պահուս պարտաւոր է հատուցանել չարիքը՝ իր թշնամիին, պարտաւոր է «ոռնալ գայլերուն հետ»։ Իր յօդուածէն ութ տարի ետք, բանաստեղծը գայլի վոհմակներուն զոհ պիտի դառնար: Արդեօք Սեւակը գիտէ՞ր իր վախճանը, արդեօք անո՞ր համար մեզի աւանդեց հետեւեալ քառատողը. «Որովհետեւ դեռ հեռո՜ւ է օրն այն, / Երբ գայլ ու գառնուկ սիրո՜վ կ’արածին…։ / Թէ ապրիլ կ՛ուզէ գառնը նորածին՝ / Պէտք է իր ակռան սրէ լռելեայն…»։
Այն դարերուն, երբ հայը դեռ ունէր իր մարտական ուժերը, երբ սուր աչքով կը հսկէր ու կ’իշխէր իր սարերուն եւ ձորերուն, ան արծիւ մըն էր իսկական: Արծիւի այդ հպարտութիւնը 854 թուականին մեզի պարգեւեց Արցախի իշխան Եսայի Ապումուսէն: Երբ արաբ զօրավար Բուղան սպառնական թուղթ մը յղեց Եսայիին՝ պահանջելով, որ ան իջնէ հայրենի Քթիշ ամրոցէն եւ յանձնուի իրեն, Եսային հետեւեալ նամակ-պատասխանը տուաւ այդ աւազակին. «Մեք արծուիք ‘ի վերայ քո, կուրացուցիչք աչաց քոց»: Արցախի իշխանին այս խօսքերը սոսկ գրական խօսքեր չմնացին: Թշնամին ամբողջ տարի մը մնաց բերդը պաշարած, ձեռնարկեց 28 յարձակումի, բայց ամէն անգամ ան ջախջախուեցաւ, եւ Քթիշը մնաց անառիկ: Արծիւի մտապատկերը յարմար եղաւ նաեւ Գեղապաշտ շրջանի քնարերգակ հեղինակներու համար, որոնք կը փորձէին դարաւոր թմրութենէ սթափող ազգի մը այլաբանութիւնը ստեղծել: Այդ գրագիրներէն մէկն էր Զապէլ Եսայեանը: Ըստ իրեն, հայը կենդանաբանական պարտէզի մը մէջ վանդակուած արծիւ մըն էր, որ արհամարհելով իրեն շնորհուած փոքր տարածութիւնը, աչքերը փակ, ատելութեամբ լեցուած՝ կ’երազէր իր ձիւնոտ լեռները: Եսայեանի միտքերը բիւրեղացան «Արծիւը Կը Սաւառնէր» պատմուածքին մէջ. «Երբ աչքերը կը գոցէր ու կտուցը կուրծքին մխրճած կ’երազէր, հոգին կ’երթար բանտէն անդին, պարտէզէն դուրս, դէպի իտէալական եւ ձիւնապատ սարերը իր հայրենիքին… Արծիւը կը սաւառնէր»: Վահան Տէրեանի «Մի խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին» բանատողով սկսող քերթուածին մէջ, հայը գերակալուած, բայց իր դարաւոր վեհութիւնը պահած արծիւ էր. «Գերուած ենք մենք, ո’չ ստրուկ, գերուած մի արծիւ, չարութեան դէմ վեհ սիրտ միշտ, վատի դէմ՝ ազնիւ»: Իսկ Ռուբէն Զարդարեանը հայուն մէջ տեսաւ այծեամ մը, լեռներու զաւակ, զով քարանձաւներու բնակիչ, մամուռ եւ դալարիներով սնանող երկչոտ այծեամ. «Այծեամը լեռներուն զաւակն է, այդ հսկայ քարերը թխսած են զինք ու անոնց վրայ բուսած մամուռները կերակրած են զանիկա: Մաստառը զանոնք ծնած է. անէ՛ծք այծեամին գնդակ նետողի գլխին… Այծեամին գնդակ նետողը անէծքով կը մեռնի… Վա՜յ անոր, որ այծեամին նշան կը բռնէ»: Հայը, կիւմրեցի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի գիւտով, նոյնիսկ դարձաւ… արագիլ: Ո’չ, յարգելի ընթերցող, բոլորիս ծանօթ, հարենաբաղձ եւ մելամաղձոտ երգերու «Բարի արագիլ»ը չէր ան, այլ՝ մէկ ոտքի վրայ ցցուած, այսինքն Արցախէն զրկուած երերուն ժողովուրդ մը. «Երկար տասնամեակներ արագիլի նման / մի ոտի վրայ ցցուած ժողովուրդ, / որն ահա արդէն / երկու տասնամեակ է, ինչ պայքարում է / եւս մի կօշիկի չափ տարածութեան համար, / որպէսզի, ի վերջոյ, կարողանայ միւս բոլոր / ժողովուրդների նման / երկու ոտքով կանգնել / մա՛յր հողին»: Երբ շատ դաժան էր կեանքը, մեղմ երգերով օրօրեցինք մեր հոգիները. «Կռունկ ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ», «Կռունկ, գնա՛, հայոց դաշտի ծաղիկը տար պանդուխտներին», «Ծիծեռնակ, ծիծեռնակ, դու գարնան սիրուն թռչնակ», «Ծիծեռնակը բոյն էր շինում, ե՛ւ շինում էր եւ երգում», «Բարի արագիլ, բախտի արագիլ»…
Սակայն, մամուռն էր ի սկզբանէ: Որքա՛ն ալ կատաղի կոհակներ հարուածեցին զայն, քամիներ անցան կործանարար, խորշակներ փչեցին թառամեցուցիչ, կամ արշաւող ձիեր ասպատակեցին անխնայ, մամուռը՝ հնամեայ, մնաց բնաշխարհին փարած, իր հազարամեայ աւիշով դալարագեղ: Մամուռը նոյնիսկ հաւակնեցաւ բանաստեղծներ ներշնչել. «Մամռոտ հողակոյտիդ տակ, / Լռի՜ն հանգչէ դուն, փոքրի՜կ նահատակ»՝ Ռ. Սեւակ, «Ստուար մամուռ մը թաւշային եւ հում կանանչով կը սողար ամենուրէք»՝ Զ. Եսայեան, «Ժայռէն եղաւ անբաժան` մամուռին գոյնն անուշակ»՝ Մ. Մեծարենց, «Մամռոտ աւերք եւ դամբարան զօրավիգ / Արարատեան հսկայից»՝ Պ. Դուրեան, «Աղբիւրը, որ դուրս կը ծորայ / Մամռոտ ժայռեռու զով խոռոչին տակ»՝ Լ. Շանթ, «Հեռուն՝ լքուած իր մամռապատ շեմին վրայ / Կը հսկէ գամփռը մինակ»՝ Դ. Վարուժան, «Մամռապատ ժայռերուն գոգը՝ ծառերու շարքին տակ, արծաթէ ջուրը կը ծնծնայ»՝ Գ. Բարսեղեան:
Յօդուածս այսօր կը փափաքիմ աւարտել երկու հոգեւորականներու՝ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Խրիմեան Հայրիկի միտքերով: Անոնք են, որ երկու համեստ վանկով՝ «մա-մուռ», նկարագրեցին Հայաստանը եւ անոր հնամեայ ստեղծարար ոգին. «Մեծամեծ հասարակաց շէնքեր, փայլուն կամ մամռապատ կամարներ, իրենց տակ թաղուածներուն պէս հնացեալ գերեզմաններ»՝ Ղ. Ալիշան, «Մարմարեայ սիւնք մամռապատ եւ թաւալեալ այն մահարձանք. / Այն փլեալ եկեղեցիք եւ տաճարաց մնացեալ կամարքն»՝ Խրիմեան Հայրիկ:
Հայրենի հողին վրայ, յարգելի ընթերցող, երբ կրկին քալելու բախտաւորութիւնը ունենաս, պահ մը կանգ առ Զօրաց քարերուն դիմաց, Սեւանավանքի աստիճաններուն վրայ, կամ Նորատուսի խաչքարերուն առջեւ: Դիտէ մամուռը, երազուն ուխտագնացութիւն մը՝ հայուն յատուկ: Այն ժամանակ է, որ պիտի հաղորդուիս անցեալին հետ, պիտի ներփաթանցես ազգի խորհուրդը ու պիտի հասնիս ինքնաճանաչումի: