ԵՐԵՒԱՆ․- Լոյս տեսաւ «Վէմ» մատենաշարի 2րդ հատորը, որ Հայաստանի խումբ մը պատմագէտներու աշխատասիրութեան արդիւնքն է։ «Սեւրի Պայմանագիրն Ու ԱՄՆի Նախագահ Վ. Վիլսոնի Իրաւարար Վճիռը․ Քննական Հայեացք 100ամեայ Հեռաւորութիւնից» գիրքը բաղկացած է 6 գլուխներէ եւ ունի յառաջաբան մը ու վերջաբան մը:
252 էջնոց գործը սեղմ, ամբողջական եւ նոյն ժամանակ քննական ուսումնասիրութիւն է հայ ժողովուրդին համար ուղենշային նշանակութիւն ունեցող Սեւրի պայմանագիրին եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին ձեւաւորման գործընթացին, քաղաքական ու իրաւական բովանդակութեան եւ վերջին 100 տարիներուն զայն կեանքի կոչելու համար ծաւալած բարդ ու դժուար պայքարին մասին:
Հատորին խմբագիրն է պատմագիտութեան դոկտոր Գէորգ Ս. Խուդինեան: Հեղինակային խումբին մէջ ընդգրկուած են պատմագիտութեան 6 դոկտորներ եւ 3 թեկնածուներ: