ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` հասնելու Արցախի կարիքներուն։
Յանձնախումբը օգնութեան իր ծրագիրները կ՛իրականացնէ Հայ Օգնութեան Միութեան հետ համագործակցաբար եւ այդ նպատակով յանձնախումբը 100,000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց ՀՕՄի «Թիկունք կանգնինք Արցախցի ընտանիքին» ծրագիրին` հովանաւորելով Արցախէն տեղահանուած 100 ընտանիքներու կարիքները։