Երուսաղէմի Միացեալ յանձնախումբը որոշած է Արցախի պատերազմին ընթացքին շտապ օգնութեան ինքնաշքրժ մը գնելու համար հաւաքած 20,434 տոլարը եւ երրորդ փուլով հանգանակուած 21,415 շեքելը (մօտաւորապէս 6800 տոլար) տրամադրել Արցախին:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան կը յայտնէ, թէ որոշուած է շարունակել դրամահաւաքը եւ հանգանակուած գումարով գարնան ընթացքին Արցախի մէջ աջակցութեան ծրագիր մը յաջողցնել: Ծրագիրին ընտրութեան համար յանձնախումբը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը: