ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 12 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ Հայ աւետարանական միութեան ատենապետ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան փոխադարձ բարեմաղթութիւններուն առընթեր, հիւրերը նաեւ շնորհաւորեցին սրբազան հայրը թեմիս առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ աստուածահաճոյ իր առաքելութեան մէջ, անխափան ընթացք ու նպատակասլաց վերելք մաղթելով առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին: