ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը (ԸԾԳ) ընտրուած է՝ իբրեւ 25 կազմակերպութիւններէն մէկը, որ դրամաշնորհ կը ստանայ Լոս Անճելըսի վարչաշրջանի «Քովիտ-19»ի Համայնքային Հաւասարութեան հիմնադրամէն (CCCEF), իրականացնելու համար կանխարգիլման, համայնքը իրազեկելու, ներգրաւման եւ համակարգը ղեկավարելու՝ Լոս Անճելըսի շրջանին համար:
Իբրեւ Համայնքային գործընկերներու հետ ենթապայմանագրային համաձայնագիրի մաս՝ ծառայութիւնները կը մատակարարուին Դեկտեմբեր 2020էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2021 թուականը:
Վարչաշրջանի նշեալ հիմնադրամը մեկնարկեց Լոս Անճելըսի Առողջապահական բաժանմունքի ծառայութիւններու եւ Լոս Անճելըսի Հանրային առողջութեան վարչութեան կողմէ՝ համագործակցութեամբ համայնքային այլ գործընկերներու, ծառայելու համար բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն:
«Այս ծրագրին միջոցով ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը գործընկերութեան մէջ մուտք գործած է՝ իբրեւ համայնքին վրայ կեդրոնացուած խնամքի համակարգի մաս, որ անհրաժեշտ է համայնքային ծառայութիւնները անհատներուն մատուցելու համար, որոնք անհամաչափօրեն ազդուած են «Քովիտ-19»էն», յայտնեց Դալար Այնթապլեան՝ ԸԾԳի գործադիր տնօրէնը: Այլ կազմակերպութիւններու խումբի կողքին, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակները պիտի տրամադրեն օժանդակ ծառայութիւններ դժուարամատչելի, անբաւարար եկամուտ ունեցող բնակչութեանց, առաջնահերթ համայնքներու եւ խումբերու համար:
Ծառայութիւնները պիտի կեդրոնանան հետեւեալներուն վրայ՝ «Քովիտ-19»ի մասին նորութիւններու տրամադրում, իրազեկութեան բարձրացում, աղբիւրներու (ներառեալ՝ տեղեկատուութիւն քննութիւններու վայրերու մասին) եւ օգնութեան տրամադրում համայնքին, անձնական պաշտպանիչ սարքաւորումներու տրամադրում, CalFresh, հասարակական ծառայութիւններ եւ այլ աջակցութիւններու առաւել հասանելիութիւն, բժշկական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ ներգրաւել անհատներ, կազմակերպութիւններ եւ այլ ընկերութիւններ՝ մասնակցելու «Քովիտ-19»ով վարակուածներու հասցէագրման ջանքերուն մէջ: Աւելին, կազմակերպութիւնը կ՛ապահովէ մշակութային եւ լեզուի առումով համապատասխան կապեր, որոնք համայնքի անդամները կը կապեն միջոցներու՝ անմիջական առողջութեան հարցերու պահպանման համար, քննութեան կայքի կապ, ինքնամեկուսացման բնակարան, առողջութեան ապահովագրութեան ծածկոյթ, հոգեկան առողջութիւն, բնակարան, ուտելիք, կապեր եւ յարակից այլ յղումներ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կամ այս ծրագրին ծառայութիւնները ստանալու համար, կարելի է կապ հաստատել ծրագրի ղեկավար Վիք Քէօսեանի հետ՝ հեռաձայնելով (818) 241-7533 x 111 թիւին կամ գրելով ե-նամակի vickeossian@arswestusa.org հասցէին:
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենակները յանձնառու են ցած եւ չափաւոր եկամուտով անհատներուն եւ ընտանիքներուն համապարփակ ընկերային ծառայութիւններ մատուցելու Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Հոլիվուտի գրասենեակներուն միջոցով: Ծառայութիւնները կը ներառեն գործերու կառավարում, ձեւաթղուղթերու լրացում, բնակարանային եւ փոխադրութեան հարցերու օգնութիւն, անգլերէնը՝ իբրեւ երկրորդ լեզու եւ կեանքի հմտութիւններու դասընթացքներ, տարեցներու ծառայութիւններ, աշխատանքի ծառայութիւններ, գաղթականներու-երիտասարդութեան խորհրդատուութիւն, անօթեւանութեան կանխարգիլում եւ այլն: ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գլխաւոր գրասենեակը կարելի է դիմել՝ հեռաձայնելով (818) 241-7533 թիւին կամ գռելով ե-նամակի socialservices@arswestusa.org հասցէին: