ԷՆՍԻՆՕ.- Չորեքշաբթի, 6 Յունուարին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայատնութեան հրաշափառ տօնը նշուեցաւ հանդիսաւորապէս եւ հոգեպարար արարողութեամբ, որուն հաւատացեալները հաղորդ դարձան նաեւ եկեղեցւոյս Դիմատետրի եւ համացանցային կայքէջի ուղղակի սփռումով:
Արդարեւ, այդ օր Աստուածայայտնութեան տօնը պատմական օր մը դարձաւ գաղութին համար, որովհետեւ թեմիս նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցանէր Սան Ֆերնանտօ հովիտի մէջ, յաւելեալ փայլ մը տալով տօնական մթնոլորտին: Արարողութեան աղօթակից էին Եփրեմ արք. Թապագեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որոնք իրենց ներկայութեանբ հոգեւոր ճոխութիւն մը տուին տօնական մթնոլորտին: Ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութիւններու, ազգային, կրթական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Ս. Խորանին կը սպասարկէր եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէր դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի:
Նախքան քարոզը, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան ողջունեց առաջնորդ սրբազանը, աղօթակից սրբազան հայրերը եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ու ամփոփ ձեւով ներկայացուց առաջնորդ սրբազան հօր կենսագրական գիծերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ անոր ունեցած քահանայական ծառայութիւնը եւ Մայրավանքին մէջ վարած պատասխանատու պաշտօնները, որմէ ետք հրաւիրեց որ ան փոխանցէ Ս. Ծննդեան պատգամը:
Քարոզի պահն է. սրբազան հայրը անդրադարձաւ 2020ին աշխարհի մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած ցաւալի դէպքերուն, ապա իբրեւ միակ ելք՝ յորդորեց քրիստոնեայ մարդը, որ յոյսով նայի առաջ՝ աւելցնելով. «Ծննդեան Տօնի խորհուրդը պատգամ մը ունի իր մէջ, որ այսօր, մենք մեր մտահոգութիւններն ու տագնապները մէկ կողմ ձգենք եւ յուսավառ ու լուսավառ աչքերով նայինք օրուան տօնին՝ Ս. Ծննդեան առիթին: Այսօր հրեշտակներուն ձայնը պէտք է լսելի դառնայ իւրաքանչիւր մարդու, հա՛յ մարդու»: Ան նաեւ ընդգծեց, որ «այդ օր, Յունուար 6ին, Աստուած իր փառքով կը յայտնուէր, անտեսանելի Աստուած կը տեսնուէր մարդէն, անընդգրկուելի Աստուած կ՛ընդգրկուէր մարդէն, ամբողջ տիեզերքին մէջ չբաւող Աստուած կը բաւէր մսուրին մէջ, Իր Որդիին ընդմէջէն: Ուրախ էին բոլորը, Արեւելքէն լուսատու աստղը կը փայլէր եւ հրեշտակները կ՛երգէին: Իմաստուն հարուստներն ալ ուրախ էին, որոնք որպէս մոգեր եկան Քրիստոսի երկրպագելու եւ իրենց ունեցածէն բաժին հանելու: Մէկը բերաւ ոսկի, որ կը խորհրդանշէր, թէ Յիսուս թագաւոր էր: Միւսը բերաւ կնդրուկ, խունկ, որ կը խորհրդանշէր, թէ ծնեալ Փրկիչը Քահանայապետ էր, եւ երրորդը բերաւ զմուռս, որ կը խորհրդանշէր, թէ Ան յարութիւն պիտի առնէ»: Սրբազան հայրը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով քաջ ըլլալ, գիտակից ու իմաստուն ըլլալ, առանց դժգոհութեան միայն գոհութիւն տալ Աստուծոյ եւ միաժամանակ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար:
Պատարագի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Սրբազան Հայրերու եւ կնքահայրութեամբ փոքրիկն Սուրէն Ալեքսանտր Քրուզենսկիի, զաւակը՝ տէր եւ տիկին Մարք եւ Նայիրի Սիմոնեան-Քրուզենսկիի:
Աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը որմէ ետք եկեղեցական թափօրը ուղղուեցաւ «Տիգրանեան» սրահ, ուր հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր ի պատիւ առաջնորդ սրբազանին:
Ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, հոգաբարձութեան, ծխական շրջանիս ազգային երեսփոխաններու, Տիկնանց օժանդակ մարմինին, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին, դպրաց դասին, շրջանին մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու, ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Լոռի», ՀՄԸՄի «Մասիս», Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Մարի Գապայեան նախակրթարանի, ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի եւ Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի Ուսումնական մարմինին եւ տնօրէնութեան՝ Ռազմիկ Ա. քհնյ Խաչատուրեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մենք բոլորս մասնակից եւ աղօթակից եղանք նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագին, եւ ականջալուր եղանք սրբազան հօր հոգեշունչ քարոզին: Այժմ հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ մեր զօրակցութիւնն ու շնորհաւորանքները փոխանցելու սրբազան հօր իր ընտրութեան առիթով, մաղթելով իրեն արեւշատութիւն եւ ընդ երկար տարիներու ծառայութիւն Արեւմտեան թեմէն ներս»:
Ապա խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Արա Փափազեան, որ ողջունեց առաջնորդին ներկայութիւնը, միաժամանակ շնոհակալութիւն յայտնելով շրջանիս նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար: Վերջաւորութեան խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին եւ զօրակցութեան եւ շնորհաւորեց բոլորին ամանորն ու Ս. Ծնունդը մաղթելով որ Աստուած իր աջը հովանի ընէ Սան Ֆերնանտօ հովիտի պատուական գաղութին եւ օրհնէ եկեղեցւոյ, կրթական եւ ազգային անդաստաններէն ներս բոլորին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)