ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 12 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Նազարէթ Գեւոնեանի եւ անոր դստեր՝ Թամարին:
Հիւրերը սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն Ազգային առաջնորդարանի մշակութային ծրագիրներուն՝ 10 հազար տոլար նուիրեցին: