ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 25ամեակին առիթով եւ նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ անցեալ տարի մէկ միլիոն տոլար նուիրեցած էին լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան նպատակին:
Լիբանանահայութեան օժանդակութեան այս կարեւոր աշխատանքը իրականացնելու համար, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ կազմուեցաւ Լիբանանահայ օժանդակութեան «Պէզիքեան» ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ, ճշդելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու ընտրութեան ընթացքը եւ գումարներու յանձնումի կարգը, անմիջապէս գործի լծուեցաւ: Յանձնախումբը աշխատանքի հրաւիրեց նաեւ կամաւորական խմբակներ, որոնք, պարզելու համար համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող իսկական կարիքները, ամբողջացուցին մասնաւոր հարցարաններ եւ դրամական նպաստներու ցրուումի աշխատանքները առաւելաբար կատարեցին Լիբանանի Հայոց թեմի եկեղեցիներէն, որոնց աջակցեցան Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը եւ շրջաններու թաղական խորհուրդներու անդամներ:
Գործադիր վարչութիւնը 3000 ընտանիքներու տրամադրեց կանխիկ գումարներ: