ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, 31 Յունուարին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցանէ, քարոզէ եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Առաւօտեան ժամերգութիւն պիտի սկսի ժամը 9:30ին, պատարագ՝ ժամը 10:30ին, իսկ հոգեհանգիստն ու մատաղօրհնէքը՝ ժամը 12:30ին։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու առաջնորդական հանդիսաւոր անդրանիկ Ս. պատարագին, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։ Ս. պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւին՝ Սարգիս Ա. քհնյ. Անդրէասենի, հագուցեալ հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, Տիկնանց միութեան անդամուհիներու եւ եկեղեցւոյ սպասարկողաց հոգւոց յիշատակին։ Մատաղի մասնակցութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար կը խնդրուի հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը (626)793-2909)», կ՛ըսուի եկեղեցւոյ յղած հաղորդագրութեան մէջ։