ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին իշխանութիւնը ստանձնած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նոյն օրը եւ Հինգշաբթի, 21 Յունուարին ստորագրեց 25 հրամանագիրներ եւ ցուցմունքեր, ինչպէս նաեւ ներկայացուց երկու օրէնսդրութիւններ։
Հրահանգներուն մեծ մասը կը վերաբերի համաճարակին դէմ պայքարին (պատուաստներու արտադրութեան եւ սրսկումներու, ինչպէս նաեւ քննութիւններու արագացում), Համաշխարհային Առողջապահութեան կազմակերպութեան վերամիացում, կենսոլորտի միջազգային համաձայնագիրին վերամիացում, իբրեւ երեխաներ Միացեալ Նահանգներ բերուած գաղթականներուն արտաքսումները կասեցնող օրէնքին ամրապնդում, սահմանային պատի կառուցման ծրագիրի սառեցում, Գանատայէն Ամերիկա երկարող «Քիսթոն» խնդրայարոյց քարիւղատարի ծրագիրի կասեցում եւ շարք մը այլ քայլեր, որոնք գլխաւորաբար նախորդ վարչակազմին սխալ քայլերը սրբագրող որոշումներ են։
Օրէնսդրութիւններէն մէկը կը վերաբերի համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն եւ ընդհանրապէս տնտեսութեան աջակցելու նպատակով 1.9 եռիլիոն տոլարի ծրարին, իսկ երկրորդը՝ մօտաւորապէս 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթողներուն օրինական իրավիճակը կարգաւորելուն։