[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=GCXrePjX–E[/embedyt]
ՓՈՔԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ Հինգշաբթի, 21 Յունուարին տեղի ունեցած առցանց հարզացրոցի մը ընթացքին, Քալիֆորնիայէն դեմոկրատ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ դարձեալ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Արցախի ակնախութիւնը:
Շիֆ նաեւ շեշտեց, թէ Արցախի հակամարտութեան վերջնական լուծումը պէտք է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ տեղի ունենայ եւ քննադատեց Թուրքիոյ ապակայունացոնղ դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ, Անգարայի ախորժակները զսպելու միջոցառումներուն անդրադառնալով։
Քոնկրեսականը նաեւ խօսեցաւ վերջին քանի մը շաբաթներուն Միացեալ Նահանգները ցնցած իրադարձութիւններուն եւ ակնկալուող մարտահրաւէրներուն մասին՝ շեշտելով, որ նախագահ Ճօ Պայտըն երկիրը միաւորելու նպատակով առաջին քայլերը արդէն իսկ սկսած է առնել։