ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կրնան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, գաղթականներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հարցերով գործակցիլ այն պայմանով, որ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգուի», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով:
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ հանդիպումը կախեալ է շարք մը ազդակներէ, որոնցմէ է «Քորոնա» ժահրի համաճարակը:
Իր կարգին, Սպիտակ տան նոր բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ծրագիրներ տակաւին չկան:
Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները յատկապէս սրեցան 2016ի վերջաւորութեան` նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրութենէն ետք, երբ յայտարարուեցաւ ամերիկեան ընտրական հոլովոյթին մէջ Մոսկուայի հաւանական միջամտութեան մասին: