ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին յայտնեց փոխվարչապետին գրասենեակը:
Տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան բոլոր կապերը ապաշրջափակելու նպատակով, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ՝ եռակողմանի աշխատանքային խումբ կամելուհամաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 11 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ, երեք երկիրներու ղեկավարներու եռակողմանի հանդիպման իբրեւ արդիւնք: