
Երեքշաբթի, Յունուար 26ին, ի յետմիջօրէին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Քարմէն Օհանեանը եւ անդամներ Արթօ Քէօլէեանը, Կարօ Իսբենճեանը եւ Յարութ Մկրտիչեանը։
ՀՅԴի պատուիրակութիւնը առաջնորդին հետ քննարկեց իր որդեգրած առաջնահերթ քայլերը, որոնց մէջէն կարեւորագոյնը կը հանդիսանայ Արցախի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն եւ զինուորներուն աջակցութեան տրամադրումը, որուն իբրեւ նախաքայլ, Կեդրոնական կոմիտէն, գործակցելով Հայ Մշակութային հիմնարկութեան հետ, վերջերս 100,000 տոլար առաքեց։
Քննարկուեցաւ նաեւ 2021ը Արցախի տարի հռչակելու Արամ Ա․ կաթողիկոսի քայլը եւ յոյս յայտնուեցաւ, որ այդ ծիրէն ներս միացեալ շարք մը ձեռնարկներ կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել։
ՀՅԴի պատուիրակութիւնը նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց կուսակցութեան եւ առաջնորդարանին մէջ երկար տարիներու գործակցութիւնը, խոստանալով զայն աւելիով սերտացնել ի շահ՝ համայնքին, հայրենիքին եւ հայ ազգին։