[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=ioJiMvxQsJA[/embedyt]
ՓՈՔԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ Երեքշաբթի, 2 Փետրուարին տեղի ունեցած առցանց հարզացրոցի մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ կոչ ըրաւ նահանգային իշխանութիւններուն, որ արագացնեն նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու գործընթացը։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 2019ին ստորագրած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրանքին։
Փորթանթինօ, որ քանի մը առիթներով Արցախ այցելած է՝ դատապարտեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ իրականացուող բռնարարքները եւ շեշտեց, թէ նահանգային իշխանութիւնները պէտք է յաւելալ քայլերու դիմեն՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, յատկապէս որովհետեւ նահանգը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։
Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն աջակցելու նպատակով նահանգային շարք մը ծրագիրներու մասին։