ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական Միութիւնը 10 Փետրուարին յայտարարեց Հայաստանին` ԵՄ եւ ԵՄ անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացի աւարտին մասին: Համաձայնագիրը լիարժէքօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 Մարտէն։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ այս համաձայնագիրը նոր` գործընկերային մակարդակի կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, կը կանոնակարգէ երկխօսութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ոլորտային համագործակցութիւնը եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:
Այս համաձայնագիրը համընդգրկուն փաստաթուղթ է, որ կուռ իրաւական հիմք կը ստեղծէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համար` ուրուագծելով համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են՝ արդարադատութիւնը, անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը եւ ենթակառուցուածքները, շրջակայ միջավայրը եւ կլիման, կրթութիւնը եւ գիտութիւնը, մշակոյթը, առողջապահութիւնը եւ այլն:
Ընդգծենք, որ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին` վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը` աջակցելու այս տագնապին գծով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն ջանքերուն եւ մօտեցումներուն։