ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի Ջուրի եւ ուժանիւթի բաժամունքը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է մինչեւ 26 Ապրիլ երկարաձգել «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած յաճախորներուն ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքները չկասեցնելու որոշումին լիազօրութիւնը։
Բաժանմունքը իր յաճախորդներուն կը տրամադրէ նաեւ շարք մը այլ աջակցութիւններ, որոնց կարելի է ծանօթանալ կայքէջին վրայ։