ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի անդամներ արդէն երկու շաբաթէ ի վեր հայրենիք կը գտնուին, իրականացնելով ընկերային աջակցութեան իրենց հերթական ծրագիրը: Անոնք ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով անյայտ կորսուած, զոհուած կամաւորներու եւ զինծուորներու ընտանքիներուն նիւթապէս կ՛աջակցին:
ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ներկայացուցիչ Բիւզանդ Պէրպէրեան, վստահեցնելէ ետք, թէ Սփիւռքը Արցախի կողքին է՝ շեշտեց, որ իրենց նպատակը ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելն է, այլ նաեւ՝ կորուստներ ունեցած հայ ընտանիքներուն կողքին ըլլալը եւ հոգեբանօրէն ներազդելը, զանոնք այս ծանր վիճակէն դուրս հանելու համար:
Այս մասին «Ապառաժ»ի տեսանիւթը դիտելու համար այցելել կայքէջը։